ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցի յանձնախումբը, շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ հայթայթելուն առընթեր, կը ձգտի զանազան ձեռնարկներով ուրախացնել եւ հաճելի պահեր շնորհել կարիքաւորներուն:
Այս նպատակով կազմակերպեց միօրեայ պտոյտ մը դէպի Լիբանանի Պեքաա շրջանը , որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 3 Օգոստոս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, յանձնախումբի եւ օգնական ընկերուհիներու եւ շուրջ 70 կարիքաւորներու եւ ծերունիներու:
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, խումբը երկու փոխադրակառքերով ճամբայ ելաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի Ռայաք: Հոն, այցելեց հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ աղօթելէ ետք, շարունակեց դէպի Այնճար:
Այնճարի Brother’s Restaurant-ին մէջ, կարիքաւորները հիւրասիրուեցան համադամ ճաշով եւ պտուղով: Հայկական Ճոխ երգերով ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ մը:
Ներկաները անմոռանալի, յիշատակելի եւ ուրախ ժամեր անցուցին: Անոնք, երգերով եւ շուրջպարերով արտայայտեցին իրենց ուրախութիւնը ու բարձր տրամադրութեամբ եւ սիրտի մեծ գոհունակութեամբ բաժնուեցան, աղօթելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով թէ´ ճաշարանատիրոջ եւ թէ´ յանձնախումբին:





















