Երկուշաբթի, 13 Մարտ 2017-ին, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան «Վ. Տէկիրմէնճեան» խոհանոցին մէջ տեղի ունեցաւ անվճար ճաշի դասընթացք մը, նախաձեռնութեամբ խոհանոցի Երեքշաբթի օրուան յանձնախումբին:
Դասընթացքին ներկայ եղան լիբանանահայ եւ սուրիահայ տիկիններ, որոնք ստացան օգտաշատ գիտելիքներ ճաշերու թէ աղցաններու պատրաստութեան, բաղադրութեանց ու ձեւերու մասին:
Տեղին է յիշել, որ ճաշատեսակներու պատրաստութիւնն ու բացատրութիւնը կատարեցին յանձնախումբի ընկերուհիները:
Վա′րձքը կատար բոլորին:















