ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի «Ամանորի Հանդիպում»

Երեքշաբթի  9 դեկտեմբեր 2014-ին  տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աստղիկ»  մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Ամանորի Հանդիպում» ձեռնարկը Հ.3.Դ. Տիգրան Ծամհուր ակումբէն ներս: Ներկայ էին շրջանի ընկերուհիները եւ բարեկամուհիներ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ընկհ. Արփի Կոստանեան բարի գալուստի խօսքին մէջ նշեց թէ 1915 թուականը յատկանշական տարի մըն է մեր ազգի պատմութեան մէջ, մենք կը գտնուինք ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին, Հայ ժողովուրդը հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու, իր մէջ հզօր կը պահէ ապրելու եւ գոյատեւելու կամքը, տէրն է իր լեզուին, աւանդութիւններուն եւ կառոյցներուն: 

Ապա ընկհ. Մարլէն Տանակոզեան բացատրութիւն տուաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի խորհրդանիշ «Անմոռուկ ծաղիկի» մասին:

Գեղարուեստական յայտագրով , հայկական երգերով, ելոյթ ունեցաւ  ընկհ.-ի Սեւան Կարապետեան Ադամեանը: 

Ձեռնարկի աւարտին ժամանեց կաղանդ պապան, պարելով եւ երգելով նուէրներ բաժնեց ներկաներուն ,անոնց մաղթելով որ 2015 թուականը ըլլայ՝ առողջութեան, խաղաղութեան եւ հաճելի անակնկալներով լեցուն տարի մը: 

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, կատարուեցան նուիրատուութիւններ: