Ամանորի Ձեռնարկ

             ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց ամանորի հանդիպում մը, որ տեղի ունեցաւ, Երեքշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2015-ին,առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ «Կրիք Թավերնա» ճաշարանին մէջ: Ներկայ էր ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ՝ ընկերուհի Ազատուհի Սարգիսեանը, ինչպէս նաեւ շուրջ 70 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ:

           Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներով, որմէ ետք վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Արփի Մինասեան-Կոստանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց իրենց Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80 ամեակին: Մաղթեց նաեւ, որ 2016 տարին խաղաղութիւն բերէ աշխարհին, ի մասնաւորի Սուրիոյ եւ Հայրենիքի սահմանամերձ շրջաններուն: Գնահատեց ներկաները, որ միշտ զօրավիգ կը կանգնին վարչութեան, ուժ կորով ներշնչելով իրենց աշխատանքներուն:

             Յատուկ վիճակաձգութեամբ մը, օրուան բախտաւորին շնորհուեցաւ նուռով շինուած ապարանջան մը, որ նուիրած էր Պրն. Յակոբ Թալաթինեանը:

           Ապա վարչական ընկերուհիները շրջեցան սեղանները եւ վաճառեցին կաղանդը խորհրդանշող զարդեղէններ, որոնց վրայ կցուած էին վիճակահանութեան տոմսերը:

             Կաղանդ պապուկը ժամանեց եւ իւրաքանչիւրին բաժնեց իր նուէրը:

             Մթնոլորտը խանդավառեցին երգիչներ՝Պրն. Կարօ Կէօքէօզեան եւ Պրն. Պերճ Թաթարեան, ժողովրդային, եւ ազգային երգերով:

             Քաջալերուած մթնոլորտէն տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

             Ձեռնարկի աւարտին, ներկաները ուրախ եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան գնահատելով վարչութեան աշխատանքը: