«Խորովածի Երեկոյ»

Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2015-ին, Ժտէյտէի հանրային պարտէզին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Նահր էլ մոթ ) վարչութեան կազմակերպած «Խորովածի Երեկոյ» ձեռնարկը:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ատենապետուհի՝ ընկհ. Հուրի Պաժիքեան իր բացան խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ «Ժողովուրդէն՝ Ժողովուրդին» բնաբանին:

Երեկոն ընթացաւ ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Գեղարուեստական յայտագրով իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Պրն. Սիմոն Կոստանդինեան, որ ձեռնադաշնակի վրայ նուագեց հայկական ու եւրոպական եղանակներ եւ երիտասարդ ու խոստումնալից կիթառահար եւ երգիչ՝ Պրն. Զատիկ Ունանեան, որ իր առինքնող ձայնով երգեց ու հմայեց ունկնդիրները: Ներկաները իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին շուրջպարերով եւ մենապարերով:

Մթնոլորտէն խանդավառուած եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, իսկ «Պինկօ» խաղով՝ բախտաւորուեցան մեծաթիւ ներկաներ: Աճուրդի դրուեցան երկու արժէքաւոր զարդեղէն ապարանջաններ, որոնք գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ:

Անձրեւաբեր ամպերը մէկդի քաշուած՝ տեղ տուած էին լիալուսինին, որու լոյսին տակ հաւաքոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր: