«Բարեկենդանի Հանդիպում»

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան (Ժտէյտի) կազմակերպած «Բարեկենդանի Հանդիպում»-ը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 11 Փետրուար 2016-ի առաւօտեան, «Անի» ակումբի սրահին մէջ:

Ներկայ էին Շրջանային Վարչութենէն, մասնաճիւղերէ, յանձնախումբերէ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ,  համակիրներ եւ հրաւիրեալներ:

Տարրալուծարանի մասնագէտ եւ ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբի տարիներու գործօն անդամուհի՝ ընկհ. Շաքէ Բարմաքսըզեան հրաւիրուած էր դասախօսելու, նիւթ ունենալով «Արեան Ընդհանուր Քննութիւն»ը: Նախքան դասախօսութիւնը, ներկաներուն բաժնուեցաւ թերթիկ մը, որ կ'ընդգրկէր դասախօսութեան նիւթին  կարեւոր գիտելիքները:

Ընկերուհի Բարմաքսըզեան ներկայացուց արեան բաղադրութիւնը եւ քննութիւններուն կարեւորութիւնը : Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ հարցումներ ուղղեցին: Դասախօսուհին լուսաբանական բացատրութիւններով պատասխանեց բոլոր հարցումներուն:

Ձեռնարկի ընթացքին կատարուեցաւ մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած տարեկան վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը:

Տեսակաւոր եւ համեղ ճաշի մատուցումէն ետք, օրուան վիճակահանութենէն բախտաւորուեցան  շատեր: Եղան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: