Անի մասնաճիւղի դաշտագնացութիւնը

28 Մայիս 2013-ին, ԼՕԽ-ի “Անի” մասնաճիւղի (Ժտէյտի) դաշտագնացութիւնը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8-ին: Ներկայ էին Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհին եւ “Անի” մասնաճիւղի  մօտ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհիները: Լօխ-ի տարբեր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, մասնաճիւղի վարչութիւնը, շրջանի ընկերուհիները եւ հիւրեր... Ընդամէնը  55 հոգի:

Առաջին հանգրուանը ՛Հարիսա՛ Աստուածամօր  ուխտավայրն էր, ուր եկեղեցին աղօթք  կատարուեցաւ: 2-րդ այցելութիւնը Զմմառու վանքն էր, եկեղեցի ու թամբարան, ուր պատասխանատու մը մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց:

Կէսօրուայ ճաշը տեղի ունեցաւ  գեղեցիկ եւ օդասուն ‘’Քասր ըլ շարք’’ ճաշարանին մէջ : Համադամ ճաշին հետ զուգահեռ,վարչական ընկերուհիներ հաճելի մթնոլորտ ստեղծեցին՝ երգ, շուրջպար, զուարճալի պահեր: Եղան նուիրատուութիւններ, նաեւ անխուսափելի վիճակահանութիւն: Բախտաւորները ստացան որակաւոր նուէրներ:

Վերադարձի ճամբուն վրայ տեղի ունեցաւ ուխտատեղի ՛Մար Էլիաս՛ այցելութիւնը :

Ներկաները ինչպէս միշտ, լիացած ու գոհ սրտով, շնորհակալական արտայայտութիւններով վերադարձան իրենց տուները: