ԼՕԽ-Ի «ԱՆԻ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, Նահր Մոթի ակումբին մէջ, հինգշաբթի, 24 մարտ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Սեղանները շատ գեղեցիկ զարդարուած էին պահքի համեղ ճաշերով` պատրաստուած շրջանի վարչական ընկերուհիներուն կողմէ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Սալբի Թորիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց օրուան դասախօսուհին` Յասմիկ Գէորգեանը, որ փոխանցէ մեր աւանդութիւններուն հետ կապուած տեղեկութիւններ:

Յ. Գէորգեան շեշտեց, որ հայը ոչ մէկ ատեն վախցած է սուրէն եւ հալածանքէն, տէր կանգնած է իր մշակոյթին, իր լեզուին, իր աւանդութիւններու, որոնք իսկապէս գեղեցիկ են ու հետաքրքրական, եկած են հեթանոսական շրջանէն եւ անցած` քրիստոնէական ժամանակաշրջան:

Ան առաջին հերթին ներկայացուց Բարեկենդանը, որ միջազգային տօն է եւ կը տօնուի բոլոր ժողովուրդներուն կողմէ: Հայկական բոլոր գաւառներուն մէջ այդ օրը կերուխումի եւ դիմակաւոր խաղերու ուրախ մթնոլորտի արտայայտութեան օր էր: Խրախճանքի աւարտին հաւկիթ կ՛ուտէին, որպէսզի Զատիկին ալ հաւկիթով պահքը քակէին եւ բարեմաղթութիւններով կը բաժնուէին իրարմէ. «Շնորհաւոր բարեկենդան, բարով հասնինք Ս. Յարութեան»:

Միջինքը Մեծ պահքի կէսն է: Կարգ մը գաւառներու մէջ Միջինքի յատուկ կարկանդակ կը պատրաստէին` մէջը դրամ կամ ուլունք կը դնէին, որուն որ ելլէր, ան կ՛ըլլար այդ տարուան բախտաւորը:

Յ. Գէորգեան խօսեցաւ նաեւ Ծաղկազարդի մասին, տուաւ պատմականը եւ յիշեց հայկական ժողովրդական սովորութիւններէն մին` աղջիկ նշանելը:

Անդրադարձաւ խթման գիշերուան ընթրիքին եւ թուեց այն բոլոր ուտելիքները, որոնք կը պատրաստուէին այդ օրը:

Զատիկ բառին բազմաթիւ բացատրութիւններ փոխանցելէ ետք, Յ. Գէորգեան ըսաւ, թէ հաւկիթը յարութեան խորհրդանիշն է եւ բոլոր կրօններու մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է, աստուածներու հաւկիթ նուիրելը, որ կը նշանակէր մաքրուիլ, սրբուիլ մեղքերէ:

Համբարձման տօնը ծանօթ է բոլորին, այդ օր երիտասարդ աղջիկներ վիճակ կը քաշեն եւ պատրաստուած քառեակներ կը կարդան` իրենց բախտը որոշող:

Ինչ կը վերաբերի Վարդավառին, ժողովրդական սովորութիւնները շատ էին: Ուխտի կ՛երթային Մշոյ Ս. Կարապետ վանք, աղջիկ կը նշանէին, իրարու վրայ ջուր կը թափէին, որ կը նշանակէր` ջուրերու առատութիւն եւ իղձերու իրականացում:

Ներկաները հաճոյքով մտիկ ըրին Յ. Գէորգեանին փոխանցած տօնական աւանդութիւնները, որմէ ետք Սեւան Ադամեան ճոխացուց մթնոլորտը` մեներգելով քանի մը ազգագրական երգեր:

Հաճելի եւ մտերմիկ մթնոլորտ մը կը տիրէր: Բոլորն ալ ուրախ էին եւ գոհ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն: