Շաբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան գրասենեակ եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին Արցախեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքը, որոնք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով ժամանած են Լիբանան մասնակցելու համար Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց 25-ամեակի հանդիսութեան։
Ատոմ եւ Ալլա Զոհրապեանները վիշտով եւ հպարտութեամբ անդրադարձան Արցախեան պատերազմին իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու սխրանքին, ապա ծանօթացան Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի գործունէութեան եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի բաժանմունքներուն եւ սպասարկութեանց։
Անոնք դրուատեցին լիբանանահայ գաղութին՝ հայրենիքի հանդէպ ցուցաբերած անսակարկ նուիրումը եւ իրենց տպաւորութիւնները արձանագրեցին ԼՕԽ-ի ոսկեմատեանին մէջ։
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը կը խոնարհի Անդրանիկ Զոհրապեանի եւ իր նման անձնուրաց հայորդիններուն առջեւ։
Յարգանք անոնց յիշատակին։



