Չորեքշաբթի, 1 Յունիս 2016-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի տնօրէնուհին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան եւ տեսակցութիւն ունեցան նորընտիր քաղաքապետ՝ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Ներկայ էր նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Նելլի Վէքիլեանը:
Այցելութեան ընթացքին քաղաքապետը ծանօթացաւ Շրջանային Վարչութեան կազմին, ապա արծարծուեցան քաղաքապետութեան նախատեսած յառաջիկայ տարիներու իրագործելի կարգ մը ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ գործունէութեան հետ առնչուող նիւթեր:
Քաղաքապետը յաջողութիւն մաղթեց Շրջանային Վարչութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց նեցուկ կանգնելու ԼՕԽ-ի բոլոր ծրագիրներուն:

