Չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2016-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց ՀՕՄ-ի Ֆրանսայի , Վալանս քաղաքի «Աղվիթա» մասնաճիւղի ընկերուհիներէն՝ ընկհ. Էլիզապէթ Տէրտէրեանը: Ան շրջելէ ետք կեդրոնի բաժանմունքները, տեսակցութիւն ունեցաւ ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն հետ:
Արծարծուեցան ՀՕՄ-ի Ֆրանսայի միաւորի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, յանձնախումբերու , մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ ԱՊԸԲ կեդրոնի գործունէութեանց շուրջ զանազան նիւթեր:
Ընկհ. Տէրտէրեան հիացմունքով արտայայտուեցաւ, դրուատեց տարուած բոլոր աշխատանքները եւ մեծապէս գնահատեց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի լայնծաւալ գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթելէ ետք մեկնեցաւ:

