Փառատօնի Մասնակցութիւն
Հեղինակ՝ԱՊԸԲ Կեդրոն
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, Շաբաթ, 20 Յունուար 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2։30-էն-7։00, մասնակցեցաւ «Հպարտ Ենք Պուրճ Համուտով-Հանդիպում Մարաշի Թաղին Մէջ» խորագրով փառատօնին, որ կազմակերպուած էր «Պուրճ Համուտի Հայեցի Դիմագիծի Պահպանման» յանձնախումբին կողմէ։