«Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Ընկերային Մթնոլորտէն:

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի ընկերային յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 15 Օգոստոս 2016-ին,Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով կազմակերպուեցաւ պտոյտ մը դէպի Լիբանանի Հարաւային շրջանը, այցելելով ՇուՖի «Տէյր Ալ Մուխալէս» եւ Մաղտուշէի «Տէյր Ալ Մանթարա» սրբավայրերը, ինչպէս նաեւ «Մլիթա» -ի թանգարանը: Պտոյտին ներկայ էին կեդրոնի տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը։ Ներկաները այս պտոյտին ընթացքին վայելեցին Լիբանանի տեսարժան վայրերը,ապա միասնաբար ճաշեցին «مطعم نبع القبي» ճաշարանէն ներս, ուր անցուցին ընկերային ուրախ եւ հաճելի պահեր: