Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2017-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի նահատակ Նորայր ՀաՃեանի հայրը՝ լրագրող-հրապարակախօս Միքայէլ ՀաՃեան, որ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով կը գտնուէր Լիբանան:
Ան տեսակցութիւն ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն հետ, ծանօթացաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան, ապա կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, յատուկ հանդիպումով, մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն փոխանցեց իր սրտին խօսքը՝ անդրադառնալով Արցախեան քառօրեայ պատերազմի դէպքերուն, յիշելով իր նահատակ որդին եւ անոր ընկերները:
Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեան, օրուան հիւրին յանձնեց յատուկ յուշանաուէր մը: Միքայէլ Հաճեան զգացուած յայտնեց, որ այդ յուշանուէրը պիտի նուիրէ իր հարսին՝ Նորայրի տիկնոջ:
Այցելութեան աւարտին, ան շրջեցաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի բաժանմունքները, ծանօթացաւ կեդրոնի սպասարկութիւններուն, գնահատեց տարուած աշխատանքները եւ դրուատեց ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը:
Ան այցելեց նաեւ ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի կեդրոնը:





