Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 29 Մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Լ.Օ.Խ.-ի ԱՊԸԲ կեդրոն այցելեց արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Հայկազուն Ալվրցեան:

Կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան կազմին, լօխականներու եւ մեծաթիւ տիկիններու տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը Հայկազուն Ալվրցեանի հետ, որ շինիչ եւ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց արեւմտահայաստանի հայութեան իրավիճակին մասին: Ապա ան իր տպաւորութիւնները արձանագրեց Լ.Օ.Խ.-ի ոսկեմատեանին մէջ: