2 մայիս 1985-ին տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին հիմնարկէքը` բարերարութեամբ Պուլղուրճեան եղբայրներու, Ալեք Մանուկեանի, «Bread For The World»-ի, տէր եւ տիկին Յակոբ Էսմերեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ԼՕԽ-ի «Մեղրի» եւ «Նայիրի» մասնաճիւղերուն եւ Թնճուկեան ընտանիքին: 1987-ին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, ուր փոխադրուեցան ԼՕԽ-ի նախկին…
ԱւելինԼիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը կազմակերպած էր հանդիսութիւն մը « صحتك بالدني »թեմայով, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ 18 Յունուար 2013-ին,առաւօտեան ժամը 10:15-աց Իւնոսքոյի սրահին մէջ։ Սոյն հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւԼիբանանի մէջ գործող առողջապահական կեդրոններու պարգեւատրում, որոնց շարքին էր ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ- կեդրոնը։
ԱւելինԵրէկ` ուրբաթ, 18 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:15¬ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ¬ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած եւ յատկապէս լիբանանեան դարմանատուներուն մէջ առողջապահութեան ու մատուցուած ծառայութիւններու մակարդակի բարձրացման նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին 25 առողջապահական կեդրոններ, որոնց կարգին ԼՕԽ¬ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը պարգեւատրուեցան` միջազգային մակարդակով…
ԱւելինՉորեքշաբթի 19 դեկտեմբեր 2012-ին, ժամը 1-ին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ այցելեցին ( Ղարաբաղի- Շուշիի) հերոսական կռիւներուն զոհուած ազատամարտիկ Թաթուլ Կրպէեանի տիկինը եւ դուստրը Ասպրամ եւ Լիլիդ Կրպէեաններ: Անոնք Շրջանային վարչութեան անդամներուն հետ շրջեցան ԱՊԸԲ կեդրոնի բաժանմունքները մօտէն ծանօթանալու կեդրոնի եւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան, բարձր գնահատելով կատարուած աշխատանքը յաջողութիւն մաղթեցին ԼՕԽ-ի : Ընդհանուր առմամբ…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի 25-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 29 յունիսի առաւօտեան յատուկ հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ բժշկական նոր բաժանմունքներու: Ճափոնի դեսպանատան օժանդակութեամբ կատարուած այս ձեռնարկին Ճափոնի դեսպանին կողքին ներկայ էին առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն, նորութիւններուն եւ յառաջիկայի ծրագիրներու ընդհանուր պատկերը ներկայացնելու նպատակով կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղըրեանի հետ կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին ան լայնօրէն անդրադարձաւ կեդրոնը միշտ բարելաւման ու զարգացման ընթացքին մէջ պահելու երեւոյթին, ինչպէս նաեւ կեդրոնին մէջ նորանոր բաժանմունքներու հաստատման մասին: ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան»…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկրաբժշկական կեդրոնի հիմնադրութեան 25-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 1 յուլիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, երաժշտական երեկոյ մը կազմակերպուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ու նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Մելքոն եւ Անահիտ Պուլղուրճեաններու, ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը եւ լիբանանահայ երաժշտասէր ազգայինները վայելեցին…
ԱւելինԵրկուշաբթի, 27 փետրուար 2012-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ այցելեցին պուլկարացի լրագրող եւ Ղարաբաղի վէրքերը վաւերագրական ժապաւէնի արտադրող Ցվեթանա Փասքալեւա եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան քարտուղար Վարդան Ադամեան ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն եւ ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնութեան: Փասքալեւա անդրադարձաւ ժապաւէնի աշխատանքներուն եւ աւելցուց. Այսօր մօտէն կը…
ԱւելինՈւրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2011-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչին եւ Ճափոնի դեսպանատան միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ դեսպանատունը 103,500 ամերիկեան տոլար կը տրամադրէ ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնին: Այս առիթով կայացաւ հանդիպում մը Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան մէջ` դեսպան Քոյիչի Քաուաքամիի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեանի, ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական…
ԱւելինԼՕԽ-ը Լիբանանի մէջ գործող այն կառոյցն է, որ ո՛չ միայն ներքին իմաստով լծուած է իր ժողովուրդի զաւակներուն ծառայութեան, անոր կարիքներու ապահովման եւ բոլորին նեցուկ ու գործնական օժանդակ ըլլալու առաքելութեան, այլեւ իր տեղն ու դերը ունի նաեւ լիբանանեան մակարդակի վրայ: Այս երեւոյթին լաւագոյն դրսեւորումը կը հանդիսանայ ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնին տարած լայնածաւալ գործունէութիւնը, որուն մէջ ներառուած են կեդրոնին…
ԱւելինԼիբանանահայ օգնութեան խաչը այն կազմակերպութիւնն է, որ չի գիտեր գոհանալ, չի գիտեր բաւարարուած զգալ եւ կանգ առնել բարգաւաճելէ ու ուռճանալէ, այդ պատճառով ալ հաստատ քայլերով կը շարունակէ իր ծառայութեան ուղին` հաւատալով, որ ոչ մէկ տեղ կանգ պիտի առնէ, ոչ մէկ նուաճումով պիտի շլանայ, այլ միշտ աւելին պիտի պահանջէ ինքնիրմէ, որպէսզի աւելին տայ ի՛ր ժողովուրդին եւ շրջապատին: Այս երեւոյթին փաստերէն մէկն էր երէկ ԼՕԽի Արաքսի Պուլղուրճեան…
ԱւելինDownload Brochure in PDF
Աւելին






