Չորեքշաբթի 19 դեկտեմբեր 2012-ին, ժամը 1-ին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ այցելեցին ( Ղարաբաղի- Շուշիի) հերոսական կռիւներուն զոհուած ազատամարտիկ Թաթուլ Կրպէեանի տիկինը եւ դուստրը Ասպրամ եւ Լիլիդ Կրպէեաններ:
Անոնք Շրջանային վարչութեան անդամներուն հետ շրջեցան ԱՊԸԲ կեդրոնի բաժանմունքները մօտէն ծանօթանալու կեդրոնի եւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան, բարձր գնահատելով կատարուած աշխատանքը յաջողութիւն մաղթեցին ԼՕԽ-ի :
Ընդհանուր առմամբ հանդիպումը շինիչ երկխօսութեան եւ ծանօթացման առիթ մը եղաւ, Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներ զօրակցութիւն յայտնեցին բոլոր այն հերոսներուն, որոնց արեան գնով արձանագրուեցաւ Ղարաբաղի եւ Շուշիի ազատագրման պանծալի յաղթանակը:

