Այցելութիւն

Երկուշաբթի, 27 փետրուար 2012-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ այցելեցին պուլկարացի լրագրող եւ Ղարաբաղի վէրքերը վաւերագրական ժապաւէնի արտադրող Ցվեթանա Փասքալեւա եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան քարտուղար Վարդան Ադամեան ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն եւ ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնութեան:

Փասքալեւա անդրադարձաւ ժապաւէնի աշխատանքներուն եւ աւելցուց. Այսօր մօտէն կը ճանչնամ հայրենասէր արի Ղարաբաղի ժողովուրդը եւ ականատես եղած եմ Ղարաբաղի հերոսական կռիւներուն:

Փասքալեւա նաեւ ծանօթացաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ շրջեցաւ ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: