Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառը Լիբանանի Հայոց թեմ իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, այցելեց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն։
Վեհափառ հօր կ՛ընկերակցէին Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ԼՕԽի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։
«Ա. Պուլղուրճեան» կեդրոնի մուտքին վեհափառ հօր դիմաւորեցին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Նելլի Վէքիլեան, ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան անդամներ, կեդրոնի անձնակազմը եւ ԼՕԽականներ։
Կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին խօսք առաւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Մարալ մխճեան, որ ըսաւ «ԼՕԽի մեծ ընտանիքին համար թէ՛ մեծ պատիւ եւ թէ՛ մեծ երջանկութիւն է իր համեստ երդիքին ներքեւ ընդունիլ ու վայելել Ձերդ վսեմութիւնը։ Արդարեւ մեր ծառայասիրական առաքելութինը կը ստանայ յաւելեալ թափ ու կորով»։
Ապա Արամ Ա. վեհափառը ներկաներուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Ան ըսաւ, որ «կարելի չէ ծառայութիւն բառը յիշել եւ չանդրադառնալ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի կատարած ծառայասիրութեան»։ Ան շեշտեց «Պուլղուրճեան» կեդրոնի տարիներու ծառայութիւնը ի նպաստ հայութեան եւ ի մասնաւորի սուրիահայ գաղթականներուն»։
Վեհափառ հայրը բարձր գնահատեց ԼՕԽականներու ծառայութիւնը, ապա իր տպաւորութիւնները արձանագրեց յուշամատեանին մէջ, արձանագրելով հետեւեալը. «ԼՕԽը իր նուիրեալ ծառայութեամբ մեզի համար միշտ կը մնայ արժանի խոր գնահատանքի։ Մեր սպասումն է, որ նոյն ոգիով ու նուիրումով ան շարունակէ իր ազգային առաքելութիւնը Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս»։
Շրջանային Վարչութիւնը Արամ Ա. հայրապետին գահակալութեան 20ամեակին առիթով յանձնեց յուշանուէր մը։
Հանդիպման աւարտին վեհափառ հայրն ու պատուիրակութիւնը այցելեցին ԼՕԽի «Եոլնատ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» սրտի ճաշարանը, ուր ԼՕԽի կարիքաւորներ եւ տարեցներ վեհափառը դիմաւորեցին եւ ան իր հայրական աղօթքներով օրհնեց զանոնք։
ԼՕԽի Շրջանային Վարչութիւն








