Շտապ Բժշկական Մարզի Գիտելիքներ-Աշխատանքային Վարժանքներ

Emergency Medical Technician (EMT) Basic Course 

ԼՕԽ-ի “Արաքսի Պուլղուրճեան” Ընկերաբժշկական Կեդրոնի  մատուցած ծառայութիւնները բարելաւելու ծրագրով, ինչպէս նաեւ բժշկական խնամք յատկացնող պաշտօնէութեան աշխատանքը  եւ անոնց շտապ բժշկական օգնութեան գիտելիքները աւելցնելու նպատակով, կեդրոնի աշխատանքներու որակական կառավարման յանձնախումբը (Quality Management Committee) գործակցաբար կեդրոնի ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Կարապետ Չպուքճեանի, կազմակերպեց շտապ բժշկական մարզի գիտելիքներու եւ վարժանքներու շարք մը, 18 ժամուան տեւողութեամբ, 28 Մարտէն 6 Ապրիլ 2017-ին, կեդրոնի “Թնճուկեան” սրահէն ներս։

Վերոնշեալ վարժանքներուն մասնակցեցան “Ա. Պուլղուրճեան” Ընկերաբժշկական կեդրոնի 8 պաշտօնեաներ։

Դասընթացքները եւ վարժանքները ընդգրկեցին խմբային պահեր, ինչպէս նաեւ զանազան գործնական բաժիններ։

Դասընթացքները պատրաստեց եւ ներկայացուց Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան, որ տարիներու վրայ մեծ փորձառութիւն ունի շտապ բժշկական մարզի գիտելիքներ եւ վարժութիւններ ուսուցանելու մէջ։

Դասապահերը ընդգրկեցին սահիկներու, բժշկական վաւերագրական ‎ֆիլմերու ցուցադրութիւն, ինչպէս նաեւ զանազան գործնական վարժանքներ։

Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան զանազան պարագաներ ներկայացնելով,  բժշկական վերլուծական միջոցներով մասնակիցներուն բացատրեց ու զանոնք յաճախ հրաւիրեց ուղղակի մասնակից դառնալու աշխատանքային հանդիպումներուն։

Աւարտին մասնակիցները ստացան համապատասխան վկայագրեր։