Նախազգուշական Արշաւ «Ա.Պուլղուրճեան » կեդրոնէն ներս

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերա-բժշկական Կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի, գործակցութեամբ՝ Jamjoom Pharma դեղի ընկերութեան, տեղի ունեցաւ նախազգուշական արշաւ մը  , աչքի ճնշումի քննիւթիւն  ,  Glaucoma-ի (Սեւ Ջուր)  , չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9։00-էն մինչեւ կեսօրուայ ժամը 1։00, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ։

Սոյն անվճար արշաւին նպատակն էր, ծանօթացնել եւ գիտակցութիւնը բարձրացնել այս լուռ հիւանդութեան շուրջ որ կը պատճառէ աչքի անբուժելի կուրութիւն։ 

Արշաւին մասնակցեցան 40 տարիքը բոլորած 113 անձեր, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կ՛ենթարկուէին աչքի ճնշումի քննութեան, եւ երբէք տեղեակ չէին իրենց աչքի ճնշումի վիճակէն։  13 անձերու մօտ (11.5%) աչքի բարձր ճնշում յայտնաբերուեցաւ, եւ խնդրուեցաւ իրենցմէ յառաջիկայ շաբթուայ ընթացքին ներկայանալ կեդրոն, որպէսզի անվճար քննութիւն եւ դարմանում (աչքի կաթիլ) ստանան «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերա-բժշկական  կեդրոնի ակնաբուժին կողմէ։

Կլօքոման (սեւ ջուրը) աչքի հիւանդութիւն մըն է, որ կը յառաջանայ աչքի ներքին ճնշումի անընդմէջ կամ կանոնաւոր բարձրացումով, ան կը պատճառէ տեսողական որոշ թերութիւններ, հանգեցնելով մինչեւ իսկ անդառնալի կուրութեան։

Կլօքոման յաճախ կը կոչուի “Լուռ գող”։ Անձը տեսողութիւնը կը կորսնցնէ առանց ախտանշաններու։ Սովորաբար, ոչ կարմրութիւն, ոչ ցաւ, ոչ ալ  տեսողութեան յատկանշական նուազում կը պատահի։ Հիւանդները յաճախ, կը տեղեկանան, որ Կլօքոմա ունին աչքի հերթական քննութեան ընթացքին։

Որոն՞ք հակամէտ են-

  • 40 տարիքը բոլորած անձեր
  • Ընտանիքին մէջ Կլուքոմա ունեցողներ
  • Կարճատեսութիւն ունեցողներ
  • Շաքարախտաւորներ
  • Քորթիզոն պարունակող դեղ օգտագործողներ
  • Աչքի որոշ վնասուածք ունեցողներ

Երբ հիւանդութիւնը կանուխ յայտնաբերուի կարելի է տեսողութեան կորուստը դանդաղեցնել եւ կանխել։

Այս պարագային պէտք է աչքի կաթիլներ գործածել ամէնօրեայ դրութեամբ եւ օրինաւոր կերպով բոլոր կեանքի տեւողութեան, ստանալու համար դրական արդիւնք։

Կանուխ յայտնաբերելու համար հարկ է, որ 40 տարիքը բոլորած անձեր աչքի ընդհանուր քննութիւն կատարեն տարեկան դրութեամբ, ակնաբուժի մօտ։