Այցելութիւն ԱՊԸԲ Կեդրոն

Ուրբաթ, 7 Ապրիլ 2017-ին, «Saint Coeur – Jdeideh» դպրոցի 12-րդ դասարանի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն, ուր կեդրոնի տնօրէնը ամփոփ ձեւով իրենց ներկայացուց կեդրոնի տարած գործունէութիւնը եւ մատուցած սպասարկութիւնները։ Ապա անոնք կեդրոնի ընկերային ծառայողներուն հետ այցելութիւններ կատարեցին Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող 15 լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու։ Աշակերտները Ծաղկազարդի եւ Սուրբ Զատկուան տօներուն առիթով անոնց նուիրեցին ուտեստեղէնի ծրարներ եւ նիւթական օժանդակութիւն եւ աւելի մօտէն ծանօթացան ընտանիքներուն տնտեսական եւ ընկերային վիճակին եւ փորձեցին իրենց ուրախացնել եւ զուարթ մթնոլորտ մը ստեղծել։

Աշակերտներուն համար շատ տպաւորիչ նախաձեռնութիւն մըն էր այս կամաւոր եւ բարեսիրական աշխատանքը, իսկ ընտանիքներն ալ շատ երախտապարտ եւ ուրախ էին այս այցելութիւնէն։