Հովանաւորութեամբ Հայկական Երեսփոխանական գրասենեակին եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, Շաբաթ, 10 Մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ը, ՀՅԴ «Սարդարապատ» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցան բժշկական անվճար քննութիւններ:
Շուրջ 100 հայորդիներ ենթարկուեցան քիթ-կոկորդ-ականջի, ընդհանուր մարմնի, աչքի տեսողութեան, ինչպէս նաեւ ճնշման քննութիւններու: Քննութիւններուն ընդմէջէն կարելի եղաւ ճշդել իւրաքանչիւրին դիմագրաւած հարցերը, որոնց համապատասխան հետապնդումները պիտի կատարուին յառաջիկային:








