ԼՕԽ-ի Շուշանիկ մասնաճիւղը ունեցաւ իր առաջին ձեռնարկը՝ Նիկոլ Դուման ակումբի Սարգիս Ազնաւուրեան սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, այլ մասնաճիւղերու վարչութիւններու անդամներուն, ԼՕԽ-ականներու, բարեկամներու եւ ԼՕԽ-ի գործին հաւատացողներու։
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Պերճուհի Գասապեան բարի գալուստ մաղթեց ընկերուհիներուն եւ ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար կը հանդիսանան ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ աշխատանքի յաջողութեան։
Ներկաները հաճելի ժամեր անցուցին հայկական երաժշտութեան եւ երգերու ընկերակցութեամբ։
