Ժողովրդային Փառատօն Եւ Ս. Պատարագ` Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Անցնող շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջապատը, որովհետեւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր, եւ այդ առիթով` նախաձեռնութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի, տեղի ունեցաւ ժողովրդային փառատօն:

Արդարեւ, 23 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն եկեղեցւոյ շրջապատը զետեղուեցան կրպակներ, որոնք կը ներկայացնէին Բալուի եւ Մարաշի հայրենակցական միութիւնները, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի եւ Ժտէյտէի մասնաճիւղերը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը, Ազգային Աբգարեան վարժարանը, ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» եւ «Կարինէ» մասնաճիւղերը, «Զաւարեան» պատանեկան միութիւնը, ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղը եւ Համազգայինի գրատարածը: Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն սկսեալ ժոովուրդը սկսաւ այցելել կրպակները` համտեսելու համեղ ուտելիքները եւ գնելու ձեռային աշխատանքներ, գիրքեր, զարդեղէններ եւ այլն:

Փառատօնը առաւել խանդավառ բնոյթ ստացաւ իր մանկապատանեկան յայտագիրով, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան «Բարեւ փոքրիկներ» խումբին անդամները, որոնք զուարճացուցին փոքրիկները: Փառատօնը հասաւ իր գագաթնակէտին երբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան այցելեց շրջան եւ շրջեցաւ կրպակները:

Երեկոյեան գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով խօսք առաւ Մարալ Մխսեան:

Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան նկատել տուաւ, որ հայ ազգը ունի մշակութային գանձեր, արժանավայել պատմութիւն, ազգային արժանիքներ եւ յատկութիւններ` աւելցնելով, որ այդ արժէքները չեն պատկանիր միայն անցեալին եւ պատմութեան, այլեւ մաս կը կազմեն մեր էութեան, ուր որ ալ գտնուինք: «Մենք գիտենք օտար ամայի ճամբէքի վրայ ալ հայրենիքով ապրիլ, ներշնչուիլ ու խանդավառուիլ», շեշտեց սրբազանը:

Տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ կիրակի օր եւս`ուր առաջնորդը  մատուցեց Ս. պատարագ, որուն ընթացքին կատարեց նաեւ սրբապատկերի օծում:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք:

Ապա Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: