ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ, «Շուշանիկ» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը իր գործունէութեան որպէս առաջին ձեռնարկ կազմակերպած էր պտոյտ մը դէպի «Այն Պարուք», որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Մածունեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու:
Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, պտոյտը ընթացք առաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտէն: Խումբին առաջին կայանը հանդիսացաւ «Տէյր Ալ Ամար»-ի շրջանին մէջ գտնուող «Թալէթ Ալ Սալիպ»-ը, երկրորդ հանգրուանը՝ «Սէյիտէթ Ալ Թալլէ» եկեղեցին, ուր խումբը աղօթեց եւ այցելեց եկեղեցիին յարակից բաժինները: Ապա խումբը ուղղուեցաւ դէպի « Այն Ուազին» քարայրը:
Վերջին հանգրուանը «Ալ Ամիր» ճաշարանն էր, ուր ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Անի Գելխաչերեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ցուցաբերած քաջալերանքին եւ մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի նպատակին:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ պարեղանակներով, որոնք ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն:












