Արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւ Թիւ 7 (Թէհլիրեան ակումբ)

Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ առողջապահական յանձնախումբին եւ Ա. Պուլղուրճեան Ընկերաբժշկական Կեդրոնի նախազգուշականբաժանմունքին, արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւը որ ընթացք առած էր 21 Ապրիլ 2013-ին, իր վերջին հանգրուանին հասաւ Ուրբաթ 31 Մայիս 2013-ին, յետմիջօրէի ժամը 4-9, Ամանոսի«Սողոմոն Թէհլիրեան» ակումբէն ներս, գործակցութեամբ շրջանի եւ «Նիկոլ Դուման» ակումբի պատկան մարմիններուն, եւ ԼՕԽ-ի «Կարինէ» , «Անահիտ» եւ «Շուշանիկ» մասնաճիւղերու։

Արշաւի ընթացքին ակումբ ներկայացան երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, հայրենակիցներ, ընկեր- ընկերուհիներ, ցանկագրուելու համար, իսկ անոնք որոնք չունէին արեան խմբաւորմանհաստատագիր, ստացան անվճար արեան քննութիւն եւ համապատասխան հաստատագիր։

Հաւաքական այս աշխատանքը, անգամ մը եւս ցոյց տուաւ մեր ժողովուրդին պատրաստակամութիւնը եւ գիտակցութիւնը միմյանց օգնելու , այս պարագային իրենց արիւնով։

«Այսօր արիւն տուողը օր մը ինք ստացողը կրնայ ըլլալ»

Վարձքը կատար բոլոր անոնք որոնք օժանդակեցին սոյն արշաւի հեզասահ ընթացքին համար։