Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի « Թրատ» շրջանի ,«Շուշանիկ» մասնաճիւղի Ամանորի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2014- ին, կ. առաջ ժամը 10:00-էն սկսեալ շրջանի «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան, Կազմակերպաչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Զեփիւռ Յովհաննէսեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, եկեղեցիներու Տիկնանց միութիւններ, ծնողաց յանձնախումբեր, ինչպէս նաեւ հիւրեր, ընկերուհիներ եւ համակիրներ։

Ձեռնարկը սկսաւ Տէր Օշին Աւագ քահանայ Գէորգեանի պատգամով։ Ան մեծ գնահատանքով խօսեցաւ ԼՕԽ-ի աշխատանքներու մասին, ապա օրհնեց սեղանները յաջողութեան մաղթանքով։ Ապա մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Ընքապապեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հակիրճ տեղեկութիւն փոխանցեց «Շուշանիկ» մասնաճիւղի գործունէութեան մասին «Թրատ» շրջանէն ներս, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք զօրավիգ կը կանգնին մասնաճիւղի աշխատանքին։

Նախքան ճաշի սկսիլը հրաւիրուեցաւ տիրամայր՝ Սոնա Աշգարեանը փոխանցելու օրուայ պատգամը։ Ան «Շնորհաւոր» բառին իմաստին բացատրողականը տուաւ ամփոփ գիծերու մէջ եւ շեշտեց անոր կարեւորութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ «Ս. Յակոբեան» վարժարանի ուսանողուհի՝ Ցոլեր Պուտաքեան, որ տպաւորիչ ասմունքով մը ներկաներուն փոխանցեց ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգին։ Ապա տօնական խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ Կաղանդ Պապուկին ժամանումով, որմէ ետք եղաւ վիճակահանութիւն։

Ներկաները մեկնեցան սրահէն իրենց հետ տանելով Ամանորի եւ տօնական օրերու զուարճութիւնը։