Լ.Օ.Խ.ի 57-րդ պատգամաւորական ժողովը, այլ որոշումներու կարգին, որոշում տուած էր՝ մասնաճիւղերու նորընտիր վարչութիւններու գործունէութիւնը աւելի հեզասահ դարձնել: Այս որոշումի իրագործման ճամբուն վրայ, ժողովը կը թելադրէր կազմակերպել հաւաքներ, որոնց ընթացքին բացատրել մասնաճիւղերու վարչութիւններու դիւանի անդամներու պարտաւորութիւնները, պարտականութիւններն ու իրաւունքները:
Լ.Օ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումը իր երկամեայ գործունէութեան ծրագրի մշակման ընթացքին, կարեւորութեամբ նկատի ունեցաւ վերոյիշեալ որոշումը եւ առաջին հերթին իսկ կազմակերպեց սոյն հաւաքը, որ կազմակերպականօրէն մեծ նշանակութիւն ունի:
Յանձնախումբս որոշեց այս հաւաքը կազմակերպել չորս փուլերով, չորս տարբեր շրջաններու մէջ: Միեւնոյն ատեն, յանձնախումբս նպատակ ունեցաւ այցելել հեռակայ մասնաճիւղեր, խանդավառելու համար Լ.Օ.Խ.-ական ընկերուհիները:
Վերոյիշեալ հաւաքներէն առաջինը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2016-ին, Թրիփոլիի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ: Այս հաւաքին ներկայ էին «Այծեմնիկ»-ի ընկերուհիներուն հետ Ճիպէյլի «Սօսէ» մասնաճիւղի ընկերուհիները:
Երկրորդ հաւաքը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2016-ին, Զահլէի «Շուշի» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ նույնանուն մասնաճիւղի, ինչպէս նաեւ Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն:
Յիշեալ երկու հանդիպումներուն ալ, յանձնախումբէս երեք ընկերուհիներ բացատրութիւններ տուին ատենապետուհի եւ ատենադպրուհիի պարտաւորութիւններու, պարտականութիւններու եւ իրաւունքներու մասին: Աւելի՛ն, բացատրուեցան նաեւ ժողովավարական կանոնները:
Մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն իսկ վկայութեամբ, հանդիպումները եղան առողջ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ: Խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ ընկերուհիներուն մօտ, որոնք հարցումներ ուղղեցին եւ ստացան ամբողջական պատասխաններ: Յիշեալ հաւաքներուն մասնակցող ընկերուհիները առաջարկեցին, որ յաճախակի ըլլան նմանօրինակ այցելութիւններն ու հանդիպումները: Ընկերուհիները բաժնուեցան միութենական գիտելիքներով եւ ոգիով լիցքաւորուած:
Յիշեալ ծրագրին յաջորդող երկու հաւաքները տեղի պիտի ունենան 17 եւ 24 Յունուար 2017-ին:













