ԼՕԽ-Ի ՆՈՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՈՒԽՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 5 փետրուարը իւրայատուկ օր մըն էր Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ ընտանիքին համար։ Արդարեւ, այդ օր, առաւօտեան ժամը 10։30-էն սկսեալ, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահը լի էր խաչուհիներով եւ ԼՕԽ-ի նորագիրներով, որոնք եկած էին իրենց ուխտը կատարելու՝ կնոջական այս մեծ կազմակերպութեան անդամակցելով։

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբին կազմակերպած ուխտի արարողութեան հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի, Լիբանանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ։ Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբին անունով հանդիսութեան բացումը կատարեց Սօսէ Ճինպաշեան, որ նշեց, թէ այս հանդիսութիւնը ՀՕՄ-ի 100-ամեակի եւ ԼՕԽ-ի 80-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներուն եզրափակիչ եւ ամէնէն կարեւոր ձեռնարկն է։ Ճինպաշեան նշեց, որ ուխտի արարողութեան այս ձեռնարկը բացառիկ առիթ մըն է խաչուհիներուն համար մէկ երդիքի տակ ըլլալու եւ վերանորոգելու իրենց ուխտը՝ հայ ժողովուրդին իրենց ծառայութիւնները չզլանալու առումով։

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի Այս քոյրերը քերթուածը, Խաժակ Խաչատուրեան (ջութակ) եւ Տաթեւիկ Արթինեան (դաշնակ) մատուցեցին երաժշտական ունկնդրութիւն մը, Շաքէ Պաղտասարեան կատարեց հայ կնոջ նուիրուած քանի մը երգ, այնուհետեւ դարձեալ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան կատարեց Եդուարդ Տարօնեանի Ուղերձ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին գրուածքին գեղարուեստական ընթերցումը։

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Մարալ Յովհաննէսեան, որ նշեց, թէ այսօր 80 տարիներ գոյատեւած ԼՕԽ-ը կը մնայ հայութեան գորովագութ մայրը, որ ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունի ծառայութեան ոգիով տոգորուած անդամներու։

Չարտօնենք, որ մեր շարքերը նօսրանան, ընդգծեց Մարալ Յովհաննէսեան՝ աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է հաւատարիմ մնալ նախնիներու աւանդին եւ ընդգծելով, որ մեզի համար խօսքեր պէտք չեն, այլ գործեր։ Մարալ Յովհաննէսեան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անունով ջերմօրէն շնորհաւորեց նորագիրները։

Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց շուրջ 6 տասնամեակներ շարունակ ԼՕԽ-ի նուիրեալ անդամներէն՝ 86-ամեայ Սիրարփի Ճերեճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ապա ստանձնեց ուխտի արարողութեան կնքամայրութիւնը՝ ընթերցելով ԼՕԽ-ի Ծրագիր-կանոնագիրի՝ նորագիրներու ուխտին վերաբերող համապատասխան յօդուածը։ Սրահին մէջ գտնուող ԼՕԽ-ականներն ու նորագիրը վերանորոգեցին իրենց ուխտը եւ ուխտեցին հաւատարիմ մնալ կնոջական այս մեծ կազմակերպութեան ուղեգիծին։

Փակման խօսքը արտասանեց Շաքէ Եագուպեան, որ նշեց, որ հայութիւնը իր ժամանակակից պատմութեան ընթացքին չէ ունեցած ՀՕՄ-ի նման մեծ կազմակերպութիւն մը, որ 100 տարի շարունակ աշխարհի տարածքին կը գործէ։

Ան ընդգծեց, որ այսօր կարեւոր է, որ երիտասարդացնենք մեր գործելակերպը՝ երիտասարդ տարրեր ներգրաւելու կողքին։ Ժողովուրդին ծառայելը աղօթքի հաւասար պաշտամունք է Աստուծոյ նկատմամբ, շեշտեց Շաքէ Եագուպեան։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Սարդարապատ յաղթերգի եւ Հայ կնոջ համար երգի ունկնդրութեամբ։