ՋԱՒՕ ՇԱՆԹ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Երեքշաբթի, 31 մայիս, 2011-ին Զմմառու մայրավանք այցելեցին ԼՕԽ-ի Ջաւօ Շանթ մասնաճիւղի անդամները: Տարեկան շրջապտոյտ-ուխտագնացութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Զմմառու վանքի պատմութեան, տեսնել անոր հոգեւոր եւ ազգային հարստութիւնները:

Արդարեւ առաւօտեան ժամը 10:30-ին խումբը հասաւ Զմմառ, ուր վանքին դպրապետ եւ մատենադարանապետ հայր Նարեկ Լուսինեան բարի գալուստ մաղթեց եւ հերթաբար բացատրութիւններ տուաւ վանքին հիմնադրութեան մասին: Ուխտագնացութեան մասնակիցները այցելեցին թանգարան, մատենադարան, ձեռնագրատուն, դիւան եւ գինեմարան: Կէսօրուան ժամը 1:00-ին Քլէյաթի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն եւ հաճելի ժամեր անցուցին բոլորը: Այցելեցին Այնթուրայի Սէն Ժոզէֆ քոլեճ եւ յարգանքի տուրք մատուցանեցին 300 անմեղ որբերուն մոմեր վառելով անոնց գերեզմանին վրայ: