Տքուէյնի շրջանի մէջ գործող ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութիւնը նախաձեռնած էր ընկերային հանդիպում մը, Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2015-ին, վարչութեան ժողովասրահին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Այտա Խուստէքեանը, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներ, համակիրներ եւ հիւրեր:
Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ընկհ. Ժագլին Ագլեան, լուսարձակի տակ առնելով ԼՕԽ-ի բարեսիրական գործունէութիւնը եւ ձեռնարկներու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի հասոյթը տրամադրուի կարիքաւորի , հիւանդի , ծերունիի եւ կամ աշակերտի մը:
Տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի տարեկան վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը, որմէ բախտաւորուեցան երեք անձեր գեղեցիկ եւ արժէքաւոր նուէրներով: կատարուեցան նաեւ նուիրատուութիւններ:







