«Մայրերու Օր»-ուան Արժանաւոր Յարգանք ԼՕԽ-ի Ընտանիքին Մէջ

Մայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր  ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը:

Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով` մայրերուն տօնը:

«Չաւօ Շանթ» Մասնաճիւղ

22 մայիսին ԼՕԽ-ի Չաւօ Շանթ (Տքուէնի) մասնաճիւղը իր ակումբին մէջ կազմակերպեց մայրերու նուիրուած ձեռնարկ: Սրահին մուտքին գարնանային ծաղիկներ նուիրուեցան բոլոր մասնակիցներուն: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ատենապետ Ժագլին Ագըլեան, որ շեշտը դրաւ հայ մայրերու առաքելութեան վրայ: Ան դիտել տուաւ, որ մայրը մարդկային պատմութեան մէջ կը խորհրդանշէ կեանքը, որովհետեւ ինք կեանքի աղբիւր է, մայրն է հիմը առողջ եւ քաղաքակիրթ ընկերութեան:

Ապա ներկաները գեղարուեստական մթնոլորտ մը ստեղծեցին` ասմունքներով եւ երգերով:

Օրուան բանախօսն էր Մարլէն Տանակէօզեան, որ ներկաներուն բացատրութիւններ տուաւ ծաղիկ խնամելու արուեստին մասին:

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, բաժնուեցաւ Սբ. Ռիթային աղօթագիրքը եւ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ տրամադրուած գրիչները, ինչպէս նաեւ Համբարձման վիճակներ: