Ջ. Շանթ մասնաճիւղ, հանդիպում

ԼՕԽ-ի Ջ. Շանթ մասնաճիւղը 15 դեկտեմբերին Տըքուէնիի ակումբին մէջ կազմակերպեց հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան ԼՕԽ-ականներ ու բարեկամներ։

Մասնաճիւղի ատենապետ Ժաքլին Աքլեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մնայուն կերպով կը քաջալերեն միութիւնն ու մասնաճիւղը, նաեւ տարուած աշխատանքը՝ մաղթելով ուժ, յաջողութիւն, առողջութիւն եւ վերելք։

Ապա մարզաբուժութեան (ֆիզիոթերափի) մասնագէտ Յարութ Ուղուրլեան խօսեցաւ մարզանքի կարեւորութեան եւ մարմնի ցաւերուն ու անոր առողջութեան մասին՝ շեշտը դնելով ոսկորներուն առնչուող հարցերուն վրայ։

Ապա ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն։

Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն։