ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան (Տըքուէնի) կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2016-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Հուրի Պաժիկեանի, հիւրերու եւ անդամուհիներու:

Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Տէր գէորգեան, կատարեց ձեռնարկին բացման խօսքը: Ան շնորհակլութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, իրենց քաջալերանքին եւ ներկայութեան համար: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհի՝ տիկին Անժէլ Մելքոնեանը, որ խօսեցաւ «Կրծքագեղձի քաղցկեղ» հիւանդութեան մասին: Ներկայացուց վերոյիշեալ հիւանդութիւնը յառաջացնող պատճառները, բուժման միջոցները եւ ինքնազննման ձեւերը, որոնցմէ ետք պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Խանդավառ մթնոլորտին մէջ կատարուեցան նուիրատուութիւններ, եւ տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն: Ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ բաժնուեցան: