Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանէն ներս միօրեայ աշխատանիստ մը

Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 2026-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանէն ներս տեղի ունեցաւ շրջանի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ միօրեայ աշխատանիստ մը , արծարծելու համար «ՍԻՄԱ» ծրագրին իրագործած փուլերն ու հետագային մշակելիք ծրագիրները։

«ՍԻՄԱ» ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի Գերմանական կառավարութեան կողմէ` KFW դրամատան միջոցով եւ կ'իրագործուի ՄԱԿ-ի Ծրագիրներու ծառայութիւններու գրասենեակին՝ UNOPS կողմէ։

ԼՕԽ-ի կողմէ հանդիպման ներկայ գտնուեցան Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկերուհի Նելլի Աղասարգիսեան, Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարան-պարտէզի յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ընկերուհի Թալին Կէօվօղլանեան, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնուհի՝ ընկերուհի Նազելի Աւագեան, ինչպէս նաեւ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարան-պարտէզ յանձնախումբի անդամ՝ տիկին Թալին Եահնիեան։

Աշխատանիստին ընթացքին տեղի ունեցան կարծիքներու փոխանակում. ներկաները անդրադարձան ծրագրին իրագործուած կէտերուն եւ խմբային աշխատանքներով միասնաբար կատարեցին տեսակէտներու եւ շինիչ գաղափարներու նոր առաջարկներ։

Աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ աշխատանիստի քննարկում եւ մասնակիցները պարզեցին իրենց դրական տպաւորութիւնները։