Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 26 յունուար 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու պատմականը բովանդակող «Մեր պատմութիւնը» հատորին գինեձօնը: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային…
ԱւելինԼ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան միջ-մասնաճիւղային առաջին ժողովը տեղի ունեցաւ մասնաճիւղերու վարչութիւններու ընտրութիւններէն ետք 25 Հոկտեմբեր 2018-ին , առաւօտեան ժամը 10:00–ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներուն: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլւա Սապունճեան բարի գալուստ մաղթեց ընկերուհիներուն եւ բացատրեց, թէ հանդիպումի նպատակն է իրարու…
ԱւելինՀՅԴ 128-ամեակին առիթով ` կիրակի, 9 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակուած եւ մահացած ընկերներու յիշատակին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Հոգեհանգստեան արարողութեան յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում: Ծաղկեպսակներ զետեղեցին ՀՅԴ ԼԵՄ եւ ԶՈՄ, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան…
ԱւելինՄարդկային ընկերութեան մէջ կան ծառայութիւններ, որոնք այս կամ այն ձեւով կը նպաստեն հաւաքականութեան մը կամ ժողովուրդի մը բարօրութեան: Հայ ժողովուրդի պարագային այս ծառայութիւնը առաւել եւս շեշտուած է Լ.Օ.Խ.-ի ճամբով, որ իր բազմահարիւր կամաւորներու փաղանգով կը հասնի ժողովուրդի կարիքներուն, յատկապէս տագնապալի եւ թէժ օրերուն: Արդ, մարդասիրական այս կազմակերպութեան ընձեռած բարիքներուն իրենց անմնացորդ, նուիրեալ եւ անշահախնդիր…
ԱւելինԼ.Օ.Խ.ի 59-րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ երկու օրերու ընթացքին, Ուրբաթ 6 Յուլիս եւ Շաբաթ 7 Յուլիս 2018-ին, ,Արաքսի Պուլղուրճեանե ընկերաբժշկական կեդրոնի ,Թնճուկեանե սրահին մէջ, քննարկումի առարկայ դարձնելով ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը եւ առաջարկներ ներկայացնելով նորընտիր վարչութեան: Պատգամաւորական ժողովին ներկայ գտնուեցան Լ.Օ.Խ.-ի 26 մասնաճիւղերու 75 պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ, Հ.Օ.Մ.-ի…
ԱւելինԼիբանանահայ օգնութեան խաչի շրջանային վարչութիւնը կու գայ ջերմօրէն շնորհաւորելու «Ազդակ» օրաթերթի 95-ամեակը` մաղթելով բեղմնաւոր գործունէութիւն, յարատեւ վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ: «Ազդակ»-ը հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր եղած է ու կը մնայ Լիբանանի, սփիւռքի, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մէջ գործող բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն շաղկապը: Այս առիթով Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ-Սասունի»…
Աւելին14 Դեկտեմբեր 1990-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ 1 Հոկտեմբերը հռչակուեցաւ Տարեցներու միջազգային օր: Այս օրուան նշումին նպատակն է տարեց մարդիկը արժեւորել` կեանքի զոհողութեամբ ընտանիք կազմած եւ սերունդներ դաստիարակած իրենց նուիրական առաքելութեան համար: Ասոր վրայ կ՛աւելնայ նաեւ ընկերութեան մէջ իրենց ունեցած անկիւնադարձային դերը եւ ներդրումը: Պատմութիւնը վկայ է, որ փորձառու եւ իմաստուն տարեցներու վստահուած են մարդկային…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող, «Արաքսի և Ալեքսան Գլպաշեան» Կազդուրման Կայանը օժտուեցաւ ոտնագնդակի դաշտով մը, նուիրատուութեամբ Յովակիմեան ընտանիքին (Ռազմիկ, Ացուքօ, Ֆիրա, Աթիսիւս): Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 17 Մայիս 2018-ին, կ.ե. ժամը 5:30-ին, ներկայութեամբ Այնճարի երեք հոգեւոր պետեր՝ Տէր Միւռոն քհն. Աւետիսեանի, Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի և Հայր Մեսրոպ Թօփալեանի, Այնճարի Քաղաքապետ՝ Վարդգէս…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը, գործունէութեան շրջանի աւարտին, գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ իր հովանիին տակ գործող 26 մասնաճիւղերու վարչութիւններուն համար կազմակերպել միօրեայ շրջապտոյտ մը դէպի Պեքաա: Օրը սկսաւ Պէյրութէն: Չորս հանրակառքերը ուղուեցան դէպի Զահլէ, շուրջ 120 ընկերուհիներ հիւրընկալուեցան «Հայ Կեդրոն»ին մէջ, ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, ուր վարչութեան ատենադպրուհին տեղեկութիւններ տուաւ մասնաճիւղի…
Աւելին«Երբ Հաւաքականութիւնը Կը Ներկայացնես, Հաւաքականութեան Ուժը Քու Հոգիիդ Մէջ Կ՛ըլլայ» Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 19 ապրիլ 2018, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ականներու հանդիպում` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի առաջադրած չորս թեկնածուներուն հետ: Ներկայ էին ՀՅԴ-ի առաջադրած երեք թեկնածուները` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի…
ԱւելինԼՕԽ-ի ննջեցեալ հիմնադիրներու, բարերարներու եւ անդամուհիներու հոգիներուն հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Շաբաթ, 21 Ապրիլ 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ապա հոգեճաշ` եկեղեցւոյ 'Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան" սրահին մէջ:
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, 24 Ապրիլ 2018-ին ծաղկեպսակ զետեղելով Անթիլիասի մայրավանքի ցեղասպանութեան զոհերու մատրան առջեւ:
ԱւելինԵրկուշաբթի, 6 նոյեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը մասնաճիւղերու եւ յանձնախումբերու անդամուհիները հրաւիրեց հանդիպումի մը «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Բագրատունի ներկաները գնահատեց ԼՕԽ-ի ճամբով իրենց կատարած կամաւոր լայնածաւալ գործունէութեան համար`…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, նախագահութեամբ Ոսկի Կերեքմեզեանի, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերուն եւ «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցին, շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական ու տոհմիկ օր: Տոհմիկ օրուան բացումը կատարեցին Պուրճ Համուտի…
ԱւելինԵրկուշաբթի, 15 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Պէյրութ Սուքզ»-ի շարժապատկերի սրահներու ընդունարանին մէջ տարբեր մթնոլորտ կը տիրէր, որովհետեւ աւելի քան 300 հայեր ու օտարներ համախմբուած էին ԼՕԽ-ի նախաձեռնութեան շուրջ, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի 30-ամեակին առիթով. անոնք հաւաքուած էին անգամ մը եւս հաստատելու, որ թեւ ու թիկունք են անսակարկ ու անխտիր կերպով լիբանանցի ժողովուրդին ծառայութեան լծուած այս…
ԱւելինԼՕԽի տարեկան հանգանակութիւնը ընթացք առաւ Ուրբաթ, 21 Ապրիլ 2017-ին։ Վերոյիշեալ օրը 26 մասնաճիւղերու վարչութիւններ, իրենց շրջաններու ակումբներուն մէջ, ՀՅԴ ԼԵՄի երիտասարդներու ընկերակցութեամբ շրջեցան թաղամասերու բնակարանները եւ կատարեցին հանգանակութեան աշխատանքը։ Նոյն օրն իսկ "Վանայ Ձայն" ռատիոկայանը սփռեց յատուկ յայտագիր մը, որուն ընդմէջէն խօսք առին համայնքներու, միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ, որոնք դրուատիքով…
ԱւելինԵրեքշաբթի, 9 մայիս 2017-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանն ու տիկինը` Սամուէլ եւ Էլիզապեթ Մկրտչեաններ` ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին: Անոնց ընդունելութեան ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան եւ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներ: Դեսպան…
ԱւելինՇաբաթ, 6 մայիս 2017-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութեան գործընթացի փակումը: Վարչութիւններու ընկերուհիներ բոլորը մէկտեղուած` Շրջանային վարչութեան յանձնեցին շրջաններէն իրենց հանգանակած գումարներուն հաշուակցումը: Իւրաքանչիւր մասնաճիւղի վարչութիւն, Շրջանային վարչութեան…
ԱւելինՇաբաթ, 29 ապրիլ 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ԼՕԽ-ի հանգուցեալ հիմնադիրներու, բարերարներու եւ անդամուհիներու հոգւոյն տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ առաջ` առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ֆըրն Շըպպեքի, ապա Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուներուն մէջ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ: Պուրճ Համուտի գերեզմանատան մէջ ՀՅԴ պանթէոնին ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ԼՕԽ-ի հիմնադիր Վահան Փափազեանի…
ԱւելինԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութեան առիթով եւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գործակցութեամբ, երէկ, կէսօրին, Պուրճ Համուտի, Զալքայի, Անթիլիասի եւ Տըպպայէի մէջ հաստատուեցան յատուկ անցարգելներ, ուր աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին հանգանակութեան աշխատանքին: ԼՕԽ-ի դրօշներով եւ միութեան նշանակը կրող շապիկներով ու գլխարկներով հանգանակութիւն կատարող աշակերտներուն մօտ ակներեւ էր անոնց խանդավառութիւնը հանգանակութեան դրամահաւաքով…
ԱւելինՎ. ԱՒԱԳԵԱՆ Տնօրէն Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի Ուրախութիւն է վկայել ԼՕԽ-ի մասին: Ուրախութիւնը կը ծնի այն բարիքէն եւ գուրգուրանքէն, որ մեր ժողովուրդին կու գայ ԼՕԽ-ի ճամբով: Միաժամանակ պատիւ է վկայել ԼՕԽ-ի մասին: Կազմակերպութեան մը մասին, որ 87 տարուան ծառայութիւն ունի լիբանանահայութեան: 87 տարին քիչ ժամանակ չէ: 87 տարի կ’ըսենք եւ տարիներէն իւրաքանչիւրին մէջ կը տեսնենք հարիւրաւոր ԼՕԽ-ականներու նուիրումը, ջանքը…
ԱւելինՎԱՉԷ ՀԱՐՄԱՆՏԱՅԵԱՆ Տնօրէն` Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի Մանուկ հասակէս մեր տան գլխաւոր նիւթերէն մէկն էր «Օգնութեան խաչ»-ը: Ինծի համար, կիներ, որոնք անցեալին խաչուհի, իսկ այժմ ԼՕԽ-ական կը կոչուին, բացառիկ կարողութիւններու տէր, տեսակ մը գերմարդ կը ներկայանային, յարատեւ աշխատողներ` թէ՛ իրենց ընտանեկան պարտականութիւններու տէր, եւ թէ՛ միութենական պաշտօններու արժանի: Աւելի ուշ, երբ ազգային կեանքին իրազեկ դարձայ, հասկցայ, որ…
ԱւելինՔՈՅՐ ԹԷՕՊԻՍՏԷ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Անարատ Յղութեան հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարանի տնօրէնուհի Օգտուելով ԼՕԽ-ի հանգանակութեան բարեպատեհ առիթէն, կ՛ուզեմ իմ գնահատանքի խօսքս ուղղել բոլոր անոնց, որոնք ներկայիս եւ անցեալին Լիբանանի հայահոծ գաղութիս մէջ, իրենց նուիրումի, զոհողութեան եւ բարեգործութեան բաժինը բերած են աւելի քան 80 տարիներ: Հասած են մեր կարօտեալ ընտանիքներու զանազան կարիքներուն` նիւթական, առողջապահական, բարոյական ու ընկերային…
ԱւելինԿԱԼԻՆԱ ՇԵՄԵՄԵԱՆ ՆԱՃԱՐԵԱՆ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի տնօրէնուհի Այսօր, ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութեան առթիւ մենք բոլորս պարտաւորութիւնը ունինք միասնականութեան բիւրեղ ոգիով մասնակցելու ու մեր նիւթական աջակցութիւնը բերելու անոր գործունէութեան զանազան մարզերուն, որոնք կը միտին շարունակել օգտակար դառնալ կարօտեալին: Այո՛, հայ ժողովուրդի բարօրութեան ու բարգաւաճման աշխատանքներուն սատարող այս նախաձեռնութեան օժանդակելու աշխատանքն…
Աւելին



















