Միօրեայ Շրջապտոյտ Դէպի Պեքաա

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը,  գործունէութեան շրջանի աւարտին, գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ իր հովանիին տակ գործող 26 մասնաճիւղերու վարչութիւններուն համար կազմակերպել միօրեայ շրջապտոյտ մը դէպի Պեքաա:

     Օրը սկսաւ Պէյրութէն: Չորս  հանրակառքերը ուղուեցան դէպի Զահլէ, շուրջ 120 ընկերուհիներ հիւրընկալուեցան «Հայ Կեդրոն»ին մէջ, ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, ուր վարչութեան ատենադպրուհին տեղեկութիւններ տուաւ մասնաճիւղի գործունէութեան մասին:

     Երկրորդ այցելութիւնը եղաւ Այնճարի Ս. Պօղոս Եկեղեցին, ուր հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Միւռոն Քհն. Աւետիսեան կատարեց Ս. Աստուածածնայ նուիրուած աղօթքներ, ներկաներուն մասնակցութեամբ: Որմէ ետք, մասնակիցներուն առիթ տրուեցաւ յիշատակի նկարներ ունենալու, եկեղեցւոյ և Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշարձանի շրջափակին  մէջ:

     Գրագէտ և խմբագիր՝ Պօղոս Սնապեանի Տուն-Թանգարանին ծանօթացումը չէր կրնար այս  ծրագրէն դուրս մնալ: Յանձինս տիկ. Թամար Անտոնեանին, ներկաները  տեղեկութիւններ ստացան Սնապեանի կեանքին, նկարագրին  ու աշխատանքներուն մասին:

     «Աղթամար» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ, սուրճի դադարէ մը ետք խումբը ուղուեցաւ դէպի Ճաշարան «Ռազմիկ»: Ճաշին առընթեր, ընկերուհիները վայելեցին գեղեցիկ բնութիւնը:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ ՝ ընկհ. Նելլի Վեքիլեանի ներկայութեամբ, Խօսք առաւ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ՝ ընկհ. Մարալ Մխճեան, իմացնելով, թէ Շրջանային Վարչութիւնը վերջին ամիսներուն երկու մեծ ծրագիրներ իրականացուց: Արագածի պարտէզին մէջ ունեցանք արդի մանկապատանեկան գրադարան, իսկ Կազդուրման կայանին մէջ ոտնագնդակի դաշտ: Ընկերուհին շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ական  ընկերուհիներուն ժրաջան աշխատանքին համար:  

Մթնոլորտը աւելի հաճելի դարձաւ, երբ ընկհ. Վիքթորիա Գէորգեան  երգեց  մօր , համբարձման և հայրենիքին նուիրուած երգեր:  ինչպէս նաև ընկհ. Նուշիկ Սէֆէրեան  երգեց շարական մը: Ապա փոքրիկն Սեւան Սարգիսեան ասմունքեց  մօր նուիրուած քերթուած մը: Հայկական շուրջպարերով, խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ընկերուհիները հաճելի ընկերային պահեր ունեցան, պահ մը մոռնալով իրենց ապրած դժուարութիւնները:

     Աւարտին, խումբը ներկայ գտնուեցաւ ԼՕԽ-ի «Ալեքսան և Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի նորակերտ ոտնագնդակի դաշտի բացման արարողութեան: