ԼՕԽի Շրջանային Վարչութիւն — Լուրեր

Որքան Տանք Ուրիշին, Պիտի Ստանանք Աւելին

ՅԱԿՈԲ ՀԱՆՏԵԱՆ Կա՞յ աւելի մեծ ուրախութիւն առթող եւ աւելի շատ գոհունակութեան զգացում ընձեռնող երեւոյթ, քան կարիքաւորին եւ կարօտեալին օժանդակելու եւ ձեռք երկարելու բարեսիրական արարքը` իբրեւ քու նմանին հասնելու, երբ ունիս այդ կարողութիւնը: Բոլորս նոյն ստեղծագործութիւնն ենք, կոչուած ենք ապրելու միեւնոյն կեանքը, անշուշտ պայմանները, միջոցներն ու կարելիութիւնները կը տարբերին մէկը միւսէն, բնական է, եւ պէտք է տարբերին, որպէսզի…

Աւելին
Պարտականութեան Ոգիի Բանբերը

ԿՐԷԿՈՒԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Լիբանանահայ օգնութեան խաչը նախորդ դարու 20-ականներէն սկսեալ զարգացման տարբեր հանգրուաններ անցնելէն ետք այժմ մեզի կը ներկայանայ իբրեւ Լիբանանի հայ համայնքի կնոջական մեծագոյն կազմակերպութիւնը, աշխարհագրական բաւական լայն տարածք ընդգրկող իր 26 մասնաճիւղերով եւ աւելի քան 4000 անդամներով: ԼՕԽ-ը համայնքային կնոջական կազմակերպութիւններուն մէջ ամենաբազմազանն է նաեւ…

Աւելին
Սրտի Խօսք

ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Տնօրէնուհի` Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի Լիբանանահայ իրականութեան մէջ տասնեակ տարիներու իր գործունէութեամբ ԼՕԽ-ը յաջողած է գաղութի նուիրեալ կիներ ուղղել դէպի ազգային կեանք եւ լաւագոյն ձեւով դրսեւորել անոնց ներուժն ու կարողականութիւնը: Երբ կը խօսինք ԼՕԽ-ի մասին, ի մտի կ՛ունենանք կարիքաւորներուն ձեռք երկարելու անոր նուիրումը, առողջապահութեան եւ ընկերային ծառայութեան բնագաւառներուն մէջ անոր բերած նպաստը…

Աւելին
Սրտի Խօսք

ԴԱԼԱՐ ՄԱՆՃԵԱՆ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը ինծի համար յատուկ նշանակութիւն ունի: Բարի նպատակ հետապնդող, աղքատին ու անկարին հասնող, ուսանողին կրթանպաստ հայթայթող, աշակերտին դէմքին ժպիտ դրոշմող, հիւանդին դեղորայք ապահովող… եւ տակաւին շատ բարիքներ: Բառերով կարելի չէ բաւարարուիլ կամ արտայայտել այս հսկայ կազմակերպութեան բարի գործերը: Դպրոցական թէ համալսարանական տարիներուս, որպէս ԼՕԽ-ի կրթանպաստի սան, նիւթական օժանդակութիւն ստացած եմ…

Աւելին
Այսօր Այստեղ

ԱԶՆԻՒ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Այսօր այստեղ Մթութեան մէջ հոգիներու գունաթափ Ահաւասիկ ձեռք մը դալուկ, սիրոյ կարօտ Կարօտ բերկրանքի, սփոփուելու խնդրանքով… Այսօր այստեղ Տրտմութեան մունջ բազմավիշտ էակներ Ահաւասիկ սեւեռաբիբ կը սպասեն հեկեկուն հազար կանթեղ ճրագներով մշտադող կաթիլ մը ձէթ ճրագին համար իր կեանքին… Այսօր այստեղ Ոլորտներուն մէջ տառապանքներու ահաւոր Լոյս կը կաթի, սէր կը հոսի նայուածքիդ մէջ անյայտ ձայներու անյայտ ձեռքերու սիրազեղ սրտի…

Աւելին
Սէր Եւ Հաւատք Վայելող ԼՕԽ-ը

ՍԻՐՈՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆ Ազգէն ծնած, ազգին համար ծնած եւ ազգով մեծցած Հայ օգնութեան միութեան միաւորներէն Լիբանանահայ օգնութեան խաչը անցնող 87 տարիներուն ծրագրած եւ իրագործած է բազմատեսակ ծրագիրներ, բոլորն ալ ի շահ լիբանանահայ գաղութի համեստ խաւին: Այդ ծրագիրներէն կարեւորագոյնը կը նկատուի բոլորիս ծանօթ ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութիւնը: Սրտի խօսող ծրագիր մը, որ մեծ ընդունելութիւն գտած է եւ տակաւին կը գտնէ մեր ժողովուրդին կողմէ եւ…

Աւելին
Տա՛նք ԼՕԽ-ին

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՊԱԼԸԳՃԵԱՆ Տնօրէնուհի` Հայ Աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան երկր. վարժարանին Լիբանանի տնտեսական երկարատեւ եւ հետզհետէ սրող տագնապի այս օրերուն, աւելի քան անհրաժեշտ է կարիքը տեսնող աչքեր, առատաձեռն սրտեր եւ բաց քսակներ ունենալու: ԼՕԽ-ը իր բազմատեսակ ծրագիրներուն ընդմէջէն կը դրսեւորէ նշեալ երեք յատկութիւնները: Անիկա կը տեսնէ մեր ընկերութեան կարիքը եւ կը հասնի առատաձեռն սրտով ու բաց քսակով: Իսկ մեր ընկերութեան մէկ մեծ շերտին…

Աւելին
Տալու Հաճոյքը

ԾԱՂԻԿ ՍԹԱՄՊՈՒԼԵԱՆ-ՀԱՊԷՇԵԱՆ Մարդ արարած իր փոքր հասակէն ուրախութիւն կը զգայ, երբ նուէրներ ստանայ տարբեր առիթներով` ըլլան անոնք տարեդարձի նուէրներ, Նոր տարուան նուէրներ, Զատկուան նուէրներ եւ կամ նուէրներ` անակնկալօրէն առանց յատուկ առիթի: Մանուկը իր ուրախութիւնը կ՛արտայայտէ պոռալով, ցատկռտելով, երբեմն պարելով ու երգելով, սակայն նոյն մանուկը ընդհանրապէս պատրաստ չ՛ըլլար իր ունեցած խաղալիքը բաժնեկցելու իր ընկերոջ հետ: Կ՛ուզէ իր…

Աւելին
Տալու Հաճոյքը

ՓԱԹԻԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» կարգախօսի ընտրութիւնը պատահական չէ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին համար: Իր հիմնադրութեան իսկ օրէն ԼՕԽ-ը նեցուկ կանգնած է ժողովուրդին` առողջապահական, կրթական, խնամատարական եւ գաղթականներու տեղաւորման ոլորտներու մէջ: ԼՕԽ-ը ձեռք կ՛երկարէ հիւանդին ու կարիքաւորին` առանց փոխադարձ ակնկալութեան: Ան իր 26 մասնաճիւղերով եւ 14 յանձնախումբերով մեր գաղութի ողնայարին կենսական օղակներէն մէկը դարձաւ…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

Կարիքաւորին, անտէրին եւ հիւանդին օգտակար դառնալը իւրաքանչիւր կամաւոր ԼՕԽ-ականի պարտաւորութիւններէն մէկն է: Երեքշաբթի, 18 ապրիլ 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան անդամները` ընկերակցութեամբ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեանին, այցելութիւն մը տուին Ազունիէի Հայ ազգային բուժարան: Այցելութեան նպատակն էր տեսակցիլ այդտեղ գտնուող տարեցներուն հետ, անոնց համար…

Աւելին
Միջ-վարչական Բ. Ժողով

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած Բ. միջ-վարչական ժողովը գումարուեցաւ Երկուշաբթի, 27 Մարտ 2017-ին, «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի (Թրիփոլի) «Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ Շրջանային Վարչութեան կազմին: Ժողովի ընթացքին կատարուեցան աշխատանքային փոխանցումներ, ապա ժողովականները այցելեցին շրջանի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանը եւ Սուրբ Գալստեան եկեղեցին:

Աւելին
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառը Լիբանանի Հայոց թեմ իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, այցելեց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն։ Վեհափառ հօր կ՛ընկերակցէին Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ԼՕԽի…

Աւելին
The Diverse Activities of the ARCL

Interview with ARCL REB Chair Maral Mekhjian by Houri Papazian Emirian The Armenian Relief Cross of Lebanon (ARCL) has been and continues to be one of the most effective and extensively dynamic institutions in the Armenian community in Lebanon. The services of the ARCL extend to different groups of people of all ages and backgrounds. In an interview with ARCL Regional Executive Board (REB) Chair Maral Mekhjian, we learn more…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

Ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Այցելութեան ընթացքին սրբազան հօր ներկայացուեցաւ նորընտիր Շրջանային վարչութեան յառաջիկայ երկամեակի ծրագիրը, ինչպէս նաեւ արծարծուեցան գաղութին դիմագրաւած ընկերային թէ տնտեսական հարցերը եւ անոնց անմիջական լուծումներ գտնելու միտքեր: Սրբազան հայրը գնահատեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչին տարած բոլոր…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի նորընտիր Շրջանային վարչութեան անդամները այցելութիւն մը տուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` ստանալու համար անոր հայրապետական օրհնութիւնն ու քաջալերանքը` յառաջիկայ երկամեակին զիրենք սպասող լայնածաւալ ու պատասխանատու գործունէութեան սեմին: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան լիբանանահայ գաղութի ընկերային կեանքը յուզող առկայ վիճակի բարելաւման եւ…

Աւելին
Հանդիպում Արցախի նահատակ Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքին հետ

Շաբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան գրասենեակ եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին Արցախեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքը, որոնք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով ժամանած են Լիբանան մասնակցելու համար Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց 25-ամեակի հանդիսութեան։ Ատոմ եւ Ալլա Զոհրապեանները վիշտով եւ հպարտութեամբ անդրադարձան Արցախեան պատերազմին իրենց…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

Ի յիշատակ նորոգ հանգուցեալ բարերար Արթուն Նազարէթ Ֆըսթըքճեանի, Ֆըսթըքճեան եւ Պապիկեան ընտանիքներ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին կը նուիրեն 5000 ամ. տոլար: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը կը ցաւակցի հանգուցեալ բարերարին ընտանիքին` հաստատելով, որ նման հայ բարերարներու բացակայութիւնը մեծ կորուստ մըն է: Հանգուցեալ Արթուն Նազարէթ Ֆըսթըքճեան հիմնադիրն ու սեփականատէրն էր «Թափի Լիպան» գորգագործական հաստատութեան եւ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի 57-րդ Պատգամաւորական ժողով (8-9-10 Յուլիս 2016)

ԼՕԽ-ի 57-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 8-9-10 Յուլիս 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեանի, ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու 82 պատգամաւորներու, ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան եւ հրաւիրեալներու: 57-րդ Պատգամաւորական ժողովը քննեց ԼՕԽ-ի անցնող երկամեակի բազմերես գործունէութեան տարբեր մարզերը եւ կատարեց…

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 8 Յունիս 2016-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը ծանօթացման եւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Այնճարի քաղաքապետարան եւ տեսակցութիւն ունեցաւ նորընտիր քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեանի հետ: Այցելութեան ընթացքին քաղաքապետը ծանօթացաւ Շրջանային Վարչութեան կազմին, ապա արծարծուեցան շրջանը յուզող զանազան նիւթեր, յատկապէս Այնճարի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանի մասին: Քաղաքապետը…

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 1 Յունիս 2016-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի տնօրէնուհին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան եւ տեսակցութիւն ունեցան նորընտիր քաղաքապետ՝ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Ներկայ էր նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Նելլի Վէքիլեանը: Այցելութեան ընթացքին քաղաքապետը ծանօթացաւ Շրջանային Վարչութեան կազմին, ապա արծարծուեցան քաղաքապետութեան նախատեսած յառաջիկայ տարիներու…

Աւելին
Այցելութիւն

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Սիլվա Թագւորեան, Մայիս 2016-ի իր Լիբանան այցելութեան ընթացքին, այցելեց նաեւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ներկայ եղաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու կարգ մը ձեռնարկներուն եւ հանդիպում ունեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն հետ: Ան առիթը ունեցաւ ծանօթանալու կեդրոնի իւրաքանչիւր բաժանմունքի մատուցած սպասարկութեան, մեծապէս գնահատեց ԼՕԽ-ի եւ ԱՊԸԲ…

Աւելին
Ճափոնի դեսպանատան ֆինանսաւորումով երեք նոր ծրագիրներու իրագործում  ԼՕխ-ի «Ա.Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ

20 Մայիս 2016-ը իւրայատուկ օր էր ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: 5-րդ անգամն ըլլալով, լիբանանահայ գաղութի, տեղական եւ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի եւ Հայաստանի դեսպանները համախմբուած էին…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

Չորեքշաբթի, 11 մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնին ընկերակցութեամբ, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, յաջողութիւն մաղթելով Լիբանանի մէջ անոր ապագայ գործունէութեան: Այցելութեան ընթացքին արծարծուեցան…

Աւելին
Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակ

Կիրակի, 24 ապրիլի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Յաւարտ Ս. պատարագին, ներկայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ մայրավանքի Նահատակաց մատրան շուրջ, ուր նախագահութեամբ Սրբոց Նահատակաց բարեխօսական յատուկ կարգ տեղի ունեցաւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ իր պատգամը ուղղեց…

Աւելին