Հաղորդագրութիւն

Ի յիշատակ նորոգ հանգուցեալ բարերար Արթուն Նազարէթ Ֆըսթըքճեանի, Ֆըսթըքճեան եւ Պապիկեան ընտանիքներ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին կը նուիրեն 5000 ամ. տոլար:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը կը ցաւակցի հանգուցեալ բարերարին ընտանիքին` հաստատելով, որ նման հայ բարերարներու բացակայութիւնը մեծ կորուստ մըն է:

Հանգուցեալ Արթուն Նազարէթ Ֆըսթըքճեան հիմնադիրն ու սեփականատէրն էր «Թափի Լիպան» գորգագործական հաստատութեան եւ «Նազարէթ Ֆըսթըքճեան» հիւանդանոցին, ինչպէս նաեւ համեստ բարերար մը հայ եկեղեցւոյ, դպրոցին եւ ուսանողին:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը խորին երախտագիտութիւն կը յայտնէ հանգուցեալին տիկնոջ` Ալիս Ֆըսթըքճեանին եւ անոր զաւակներուն, ինչպէս նաեւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան, որուն միջոցով Լիբանանահայ օգնութեան խաչին փոխանցուեցաւ նուիրատուութիւնը:

Յիշատակը անմար մնայ բարերար Արթուն Ֆըսթըքճեանին:

Աստուած հոգւոյ մխիթարութիւն պարգեւէ հարազատներուն:

Միշտ բարձր մնան ազգանուէր ծառայութիւններ մատուցող հայ բարերարներն ու միութիւնները:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ