Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 8 Յունիս 2016-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը ծանօթացման եւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Այնճարի քաղաքապետարան եւ տեսակցութիւն  ունեցաւ նորընտիր քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեանի հետ:

 Այցելութեան ընթացքին քաղաքապետը ծանօթացաւ Շրջանային Վարչութեան կազմին, ապա արծարծուեցան շրջանը յուզող զանազան նիւթեր, յատկապէս Այնճարի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանի մասին:

Քաղաքապետը յաջողութիւն մաղթեց Շրջանային Վարչութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց նեցուկ կանգնելու ԼՕԽ-ի կազդուրման կայանի ծրագիրներուն: