Երկուշաբթի, 27 փետրուար 2012-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ այցելեցին պուլկարացի լրագրող եւ Ղարաբաղի վէրքերը վաւերագրական ժապաւէնի արտադրող Ցվեթանա Փասքալեւա եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան քարտուղար Վարդան Ադամեան ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն եւ ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնութեան: Փասքալեւա անդրադարձաւ ժապաւէնի աշխատանքներուն եւ աւելցուց. Այսօր մօտէն կը…
ԱւելինՆախաձեռնութեամբ Է. Ակնունիի (Խաչատուր Մալումեան) 1 յունուար 1910-ին հիմնուած Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) ծնունդէն ետք զանազան գաղթօճախներու մէջ ծլարձակած մասնաճիւղերէն` Լիբանանահայ օգնութեան խաչի (ԼՕԽ) Շրջանային վարչութիւնը ուրբաթ, 3 փետրուարի երեկոյեան կազմակերպեց իր տարեկան ճաշկերոյթի երեկոն` Պէյրութի «ֆոր Սիզընս» պանդոկին մէջ: Նախագահութեամբ տէր եւ տիկին նախարար Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեաններուն եւ հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ անոր հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերուն, շաբաթ, 22 հոկտեմբեր 2011-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական ու տոհմիկ օր: Նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի եւ առողջապահական…
Աւելիներկուշաբթի, 26 սեպտեմբերի առաւօտուն, ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի Թնճուկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ականներու հանդիպում, որուն ընթացքին ներկայացուեցան տարբեր բնոյթի երեք զեկուցումներ: Առաջին զեկուցումով հանդէս եկաւ արուեստագէտ Մարալ Փանոսեան, որ ներկայացուց 2012 թուականի ԼՕԽ-ի օրացոյցը, երկրորդ զեկուցաբերն էր Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովին…
ԱւելինՕգտուելով Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի կազմակերպած դասախօսական շարքերէն` մասնակիցներ իրենց շնորհակալական խօսքերը յղած են կազմակերպիչ մարմիններուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք նամակներէն օրինակներ: Ձեր կողմէ կազմակերպուած դասախօսական շարքը իրապէս դաստիարակիչ եւ օգտաշատ նախաձեռնութիւն մըն էր: Գնահատելի էին դասախօսներուն սպառիչ կերպով ներկայացուցած նիւթերը: Կը…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ այցելեց տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան եւ հանդիպում ունեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն ու Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնութեան հետ: Ան մեծապէս գնահատեց ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի գործունէութիւնը եւ աշխատանքը, առիթը ունեցաւ ծանօթանալու կեդրոնի իւրաքանչիւր բաժանմունքի գործին ու աշխատանքին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ 25 տարի ետք այսօր…
ԱւելինԿամաւորներու հսկայական փաղանգէ բաղկացած կառոյց մը միայն կրնայ գիտակցիլ, թէ կամաւորներու օրը որքա՛ն մեծ ու կարեւոր նշանակութիւն ունի, եւ տարեկան դրութեամբ կը նշէ այդ օրը՝ տարբեր ձեռնարկներով եւ նախաձեռնութիւններով։ Կամաւորներու այս հսկայ փաղանգը Հայ օգնութեան միու- թիւնն է, որուն կարեւոր բջիջներէն է ԼՕԽ-ը, ուր տարիներէ ի վեր կամաւորներ լծուած են անսակարկ նուիրումով, ծառայութեան վեհ հոգիով եւ փոխարէնը միայն աղօթք մը կամ ժպիտ…
Աւելին
