ԼՕԽի Շրջանային Վարչութիւն — Լուրեր

Լ.Օ. Խաչի փոքրիկները միացել են «Հայոց ցեղասպանության հետևանքով միլիոնավոր մանուկներ լույս աշխարհ չեկան» ծրագրին

Լիբանանահայ Օգնության Խաչի փոքրիկները միացել են ՀՀ սփյուռքի նախարարության նախաձեռնությամբ իրականացվող «Հայոց ցեղասպանության հետևանքով միլիոնավոր մանուկներ լույս աշխարհ չեկան» խորագրով ծրագրին, որը նվիրված է Հայոց ցեղասպանության 100-րդ տարելիցին: Փոքրիկները լուսանկարվել են Լիբանանի Բիքֆայա քաղաքում գտնվող Հայոց ցեղասպանության հուշարձանի մոտ: Կոչ ենք ուղղում Սփյուռքի և Հայաստանի բոլոր դպրոցներին, կազմակերպություններին, որ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի բարերար Պր. Ռաֆֆի Արտալճեանի այցելութիւնը

Չորեքշաբթի, 14 Յունուար 2015-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ այցելեց ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի բարերար՝ Պրն. Րաֆֆի Արտալճեան եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներուն հետ: Արծարծուեցան Լիբանանահայութեան եւ Լիբանան ապաստանած Սուրիահայ գաղթականներուն հետ առնչուող զանազան նիւթեր:

Աւելին
Պէյրութի Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի եւ Finn Church Aid կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու այցելութիւնը

Երկուշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին Պէյրութի Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի եւ Ֆինլանտական Finn Church Aid կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ՝ ընկհ. Սեդա Խտըշեանն ու տիկին Ռանա Իրաքաթը եւ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դիւանին ,առողջապահական, նախազգուշական, դաստիարակչական, ձեռարուեստի եւ խոհանոցի…

Աւելին
Արցախի «Մենք Եւ Մեր Սարերը» երգի համոյթի այցելութիւնը

Հինգշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2014-ին, Արցախի «Մենք Եւ Մեր Սարերը» երգի համոյթը այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն: Խումբի անդամները տեսակցելով Շրջանային Վարչութեան անդամներուն հետ տեղեկութիւններ ունեցան ԼՕխ-ի գործունէութեան մասին, ապա շրջելով կեդրոնին մէջ, ծանօթացան կեդրոնի աշխատանքներուն եւ սպասարկութիւններուն: Կէսօրին, անոնք ճաշի հիւրը եղան Շրջանային Վարչութեան: Հանդիպման աւարտին գնահատեցին Լիբանանահայ…

Աւելին
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանին

Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2014-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի։ Այցելութեան ընթացքին Շրջանային Վարչութեան ատենապետը Սրբազան Հօր ներկայացուց յառաջիկայ երկամեակի աշխատանքի ծրագիրը։ Արծարծուեցան գաղութը յուզող տնտեսական, կրթական, ընկերային, ինչպէս նաեւ Լիբանան ապաստանած սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակելու հարցեր։ Հանդիպման աւարտին, առաջնորդ…

Աւելին
ՀՕՄ-ի 2–րդ միջ-վարչական ժողով Լոնտոն (2014)

Կազմակերպութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, 2-րդ միջ-վարչական ժողովը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 18-19, 2014-ին, Լոնտոն- Մեծն Բրիտանիա , ‘’Նաւասարդեան ‘’ Կեդրոնին մեջ, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Վիքի Մարաշլեանի եւԿՎ անդամ՝ ընկ.հիներ Լիզա Աւագեանի եւ Ալեսիա Բեջանյանի ,Ժողովին մասնակցեցան Հ.Օ.Մ.ի Լիբանանի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի , Պուլկարիոյ, Սթոքհոլմի, Կիպրոսի միաւորներու վարչականներ…

Աւելին
Նպաստաբաշխում` Լիբանան Ապաստանած Սուրիահայ Գաղթական Ընտանիքներու

երկուշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, նախաձեռնութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ մարմինին համագործակցութեամբ միջազգային ՕՐԱ կազմակերպութեան տրամադրած նպաստներու բաշխումը 350 սուրիահայ գաղթական ընտանիքներու, որոնք ապաստանած են Լիբանան: Ասիկա երրորդ անգամն է, որ ԼՕԽ-ի միջոցով…

Աւելին
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ (2014)

Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը տասնմէկ հոգիներէ բաղկացած Լ. Օ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան։ Այցելութեան նպատակն էր ստանալ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը և թելադրանքները։ Լ. Օ. Խաչի վարչութիւնը Նորին Սրբութեան պարզեցին յառաջիկայ երկու տարիներու իրենց աշխատանքի ծրագիրը։ Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս գնահատեց Օգնութեան Խաչի ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն և…

Աւելին
«Հայաստան Սփիւռք» 5-րդ համաժողով (2014)

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպած «Հայաստան Սփիւռք» 5-րդ համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ 18-էն 21 Սեպտեմբեր 2014-ին, Երեւանի մէջ, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը ներկայացուց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկերուհի Թալին Գըլպաշեանը: Ժողովին ներկայ եղան զանազան վարչութիւններու եւ միութիւններու սփիւռքահայ եւ հայաստանաբնակ ներկայացուցիչներ, ուր արծարծուեցան ու քննարկուեցան հետեւեալ հարցերը.- Հայոց…

Աւելին
ԼՕԽ-ի 55-րդ Պատգամաւորական ժողով

ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան 55-րդ Պատգմ. ժողովը տեղի ունեցաւ 11-12 եւ 13 Յուլիս 2014-ին, ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ՝ մասնաճիւղերէ ընտրուած իրաւասու ձայնով 77 պատգամաւորներու, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Զեփիւռ Ռէյիսեանի, Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկ. տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեանի, Շրջ. Վարչութեան եւ ժողովին կողմէ ընտրուած խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներու եւ…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի, 10 յուլիս 2014-ի առաւօտեան Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ պատուոյ հիւպատոս Պրայն Ստիվըն Ֆերա, ընկերակցութեամբ` Մաթէաս Ուիլքսի, այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն եւ Շրջանային վարչութեան գրասենեակ: Անոնք շրջեցան «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ եւ ծանօթացան կեդրոնի սպասարկութիւններուն ու աշխատանքներուն: Առիթ ունեցան նաեւ տեսակցելու Շրջանային վարչութեան անդամներուն հետ, յաւելեալ…

Աւելին
11 Լիբանանահայ պատանիներ կը մասնակցին ՀՕՄ-ի Խալքիտիքիի Ճամբարին

Երեքշաբթի, 8 յուլիս 2014-ին, Լիբանանէն 11 պատանիներ, պարմանուհիներ եւ օգնական մը մեկնեցան Յունաստան` մասնակցելու համար ՀՕՄ-ի պատանիներու փոխանակման ծրագիրին: Խալքիտիքիի ճամբարին բազմիցս մասնակցութիւն ունեցած են Լիբանանէն պատանի-պարմանուհիներ: Երեք շաբաթներու ընթացքին զանազան գաղութներէ հայ պատանի-պարմանուհիներ պիտի մէկտեղուին ՀՕՄ-ի հովանիին ներքեւ եւ միասնաբար հաճելի ժամեր անցընեն: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը ոչ մէկ ճիգ…

Աւելին
Սուրիահայ Գաղթականներու Յատուկ Սեմինարներ (2014)

Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Ծառայութիւն, Ընկերային Արդարութիւն Բաժանմունքին եւ Ֆինլանտական Finn Church Aid կազմակերպութեան Ֆինանսաւորումով եւ ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ գաղթական սուրիահայութեան ընկերային պայմաններու բարելաւման ի նպաստ կազմակերպուեցան առողջապահական, դաստիարակչական, խոհանոցի եւ ձեռարուեստի դասընթացքներ-դասախօսութիւններ ԱՊԸԲ կեդրոնի « Թնճուկեան» սրահին եւ Այնճարի «Աղթամար»…

Աւելին
Տարեցներու« Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան Սրտի Ճաշարան»-Ի Հանդիսաւոր Բացում

24 Յուլիս 2014-ին իւրայատուկ իրագործում մը աւելցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի պատմութեան տարեգրութեան մէջ: Մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ շրջանի բնակիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ համախմբուած էին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կողքին գտնուող տարածքը, ուր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, գետնայարկ նոր բարեզարդուած սրահի մը մէջ բացումը կատարուեցաւ «Տարեցներու Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան սրտի ճաշարան»-ին…

Աւելին
Հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ յարգանքի տուրք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներու յիշատակին

ՀՅԴ Լիբանանի կոմիտէի քարոզչական մարմինին կազմակերպութեամբ, Կիրակի 1 Յունիս կէսօրուան ժամը 12։00-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներու յիշատակին, Ֆրըն Շըպպաքի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք հոգեհանգստեան արարողութիւն , որուն նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան՝ հոգեհանգստեան արարողութիւններէն ետք , ծաղկեպսակներ զետեղուեցան 1918-ի անկախութիւնը կերտող անձնաւորութիւններուն, որուն իր…

Աւելին
Այցելութիւն Վարչապետարան

Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամի կնկան Տիկին Լամայի հրաւէրով Չորեքշաբթի 7 Ապրիլ 2014-ին կէսօրէ ետք ժամը 5-ին ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան անդամ ընկերուհիներ՝ Մարալ Յովհաննէսեան եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան ներկայ գտնուեցան Վարչապետարանէն ներս Տիկին Լամայի կազմակերպած «Յարգանք Լիբանանցի մերՏարեցներուն» խորագրով հաւաքին: Տարեցներու առողջութեան վերաբերեալ մասնագէտ բժիշկ մը եւ երկու հմուտ հիւանդապահուհիներ պարզեցին ներկայ զանազան…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Աւանդական Տոհմիկ Օր` Պուրճ Համուտի Հրապարակին Վրայ

Շաբաթ, 3 մայիսի կէսօրուան ժամը 12:00-էն 5:00 տարբեր մթնոլորտ կը տիրէր Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ. հոն համախմբուած էին ԼՕԽ-ականներ, մեծ թիւով անձեր, զետեղուած էին հայկական աւանդական ուտեստեղէններու կրպակներ, տիրական էին հայ երգն ու պարը, երաժշտութիւնն ու բարձր տրամադրութիւնը: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն, նախագահութեամբ Ցոլինէ խաչատուրեանի, հովանաւորութեամբ…

Աւելին
Դասական Երաժշտութեան Նուագահանդէս` «Փիաչեվոլէ» Եռեակին Կատարողութեամբ

Չորեքշաբթի, 9 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, ԼՕ Խաչի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան նուագահանդէս` Պէյրութի Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Բացման խօսքը անգլերէնով արտասանեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան` կոչ ուղղելով ներկաներուն թիկունք կանգնելու ԼՕԽ-ին` իր բարեսիրական սրբազան առաքելութիւնը իրագործելու համար, մանաւանդ այս օրերուն, երբ սուրիահայ գաղթականներ նոյնքան…

Աւելին
Հոգեհանգիստ

ԼՕԽ-ի ննջեցեալ բոլոր հիմնադիրներուն, բարերարներուն եւ ընկերուհիներուն հոգւոյն համար , հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ , կիրակի, 2 մարտ 2014-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: Եկեղեցւոյ պատարագին հանդիսապետեց եւ քարոզեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան : Պատարագէն ետք, հոգեսուրճ հրամցուեաւ, եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիները, ցաւակցութիւններ ընթունեցին ‘’Երջօ Սամուէլեան’’…

Աւելին
Այցելութիւն` Զուիցերիոյ Դեսպանատուն

Երէկ` երկուշաբթի, 24 փետրուարին, լիբանանահայ գաղութը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանէ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ հ. Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանէ, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանէ, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Տիգրան Ճինպաշեանէ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան…

Աւելին
Երկօրեայ Համագումար

Երկուշաբթի ,24 եւ Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2014-ին, Լիբանանի Կ նոջական Խորհուրդը կազմակերպած էր երկօրեայ համագումար մը «Գօրալ Պիչ» ի հանդիսասրահներէն մէկուն մէջ, հովանաւորութեամբ նախկին վարչապետ Նէճիպ Միքաթիի եւ նախագահութեամբ ու ներկայութեամբ՝ Տիկ. Մայ Միքաթիի, մշակոյթի նախարարի, (Լիբանանի, արաբական երկիրներու եւ միջազգային կանանց խորհուրդներու) նախագահներու, 170 բարեսիրական կազմակերպութիւններու՝ ներկայացուցիչներու…

Աւելին
Արամ Ա. կաթողիկոսը այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Երեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին վեհափառ հայրապետը այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ Շրջանային վարչութեան, տնօրէնութեան ու ԼՕԽ-ականներու կողմէ: տնօրէնութեան ու ԼՕԽ-ականներու կողմէ: Լիբանանեան, հայկական ու ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն Նազելի Աւագեան բարի գալուստ մաղթեց եւ ողջունեց ներկաները…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

Երեքշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսը եզակի այցելութիւն մը տուաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն: Այցելուներու շարքին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ` Շահէ եպս. Փանոսեան, հոգեշնորհ եւ քահանայ հայրեր, պետական երեսփոխան եւ նախարարներ, «Պուլղուրճեան» կեդրոնի բարերարներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ ԼՕԽ-ականներ: Վեհափառ հայրը…

Աւելին
Նահատակուած Եւ Մահացած Դաշնակցականներու Յիշատակին Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

ՀՅ Դաշնակցութեան 123-ամեակին առիթով, երէկ` կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց տեղի ունեցաւ դաշնակցական նահատակուած եւ մահացած նուիրեալներու, հերոսներու, գործիչներու եւ մտաւորականներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին կատարողութեամբ նուագուեցան Լիբանանի եւ Հայաստանի…

Աւելին