Երկուշաբթի ,24 եւ Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2014-ին, Լիբանանի Կ նոջական Խորհուրդը կազմակերպած էր երկօրեայ համագումար մը «Գօրալ Պիչ» ի հանդիսասրահներէն մէկուն մէջ, հովանաւորութեամբ նախկին վարչապետ Նէճիպ Միքաթիի եւ նախագահութեամբ ու ներկայութեամբ՝ Տիկ. Մայ Միքաթիի, մշակոյթի նախարարի, (Լիբանանի, արաբական երկիրներու եւ միջազգային կանանց խորհուրդներու) նախագահներու, 170 բարեսիրական կազմակերպութիւններու՝ ներկայացուցիչներու։
Համագումարի հիմնական նիւթն էր՝ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, կանանց դէմ կատարուած ոճրային արարքներու դատապարտումը եւ որդեգրում ու պետական վաւերացում, Լիբանանցի կիները պաշտպանող նոր օրէնքներու։
Սոյն համագումարին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացուցին երկու ընկերուհիներ՝ Ազատուհի Սարգիսեան եւ Ցօլինէ Խ աչատուրեան։








