Հինգշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2014-ին, Արցախի «Մենք Եւ Մեր Սարերը» երգի համոյթը այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն:
Խումբի անդամները տեսակցելով Շրջանային Վարչութեան անդամներուն հետ տեղեկութիւններ ունեցան ԼՕխ-ի գործունէութեան մասին, ապա շրջելով կեդրոնին մէջ, ծանօթացան կեդրոնի աշխատանքներուն եւ սպասարկութիւններուն:
Կէսօրին, անոնք ճաշի հիւրը եղան Շրջանային Վարչութեան: Հանդիպման աւարտին գնահատեցին Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի աշխատանքները եւ յաջողութիւն ու վերելք մաղթեցին կազմակերպութեան:





