Կազմակերպութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, 2-րդ միջ-վարչական ժողովը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 18-19, 2014-ին, Լոնտոն- Մեծն Բրիտանիա , ‘’Նաւասարդեան ‘’ Կեդրոնին մեջ, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Վիքի Մարաշլեանի եւԿՎ անդամ՝ ընկ.հիներ Լիզա Աւագեանի եւ Ալեսիա Բեջանյանի ,Ժողովին մասնակցեցան Հ.Օ.Մ.ի Լիբանանի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի , Պուլկարիոյ, Սթոքհոլմի, Կիպրոսի միաւորներու վարչականներ եւ ՀՕՄուհիներ :
Սոյն ժողովին Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը ներկայացուցին , ԼՕԽ-ի ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեան եւ փոխ ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեան, որոնք փոխանցելով ԼՕԽ-ի խօսքը , անդրադարձան կատարուած աշխատանքներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին:
Երկու օրերու ընթացքին ժողովականնները արծարծեցին օրակարգի բոլոր կէտերը…….
Սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակը Skype-ով զեկուցեց` Կ Վ անդամ՝ընկհ. Զեփիւր Րէիսեան :
Ժողովի աւարտին բոլոր ներկայացուցիչները ներկայ գտնուեցան հիւրասիրութեան մը , կազմակերպուած Մեծն Բրիտանիոյ Շրջանային վարչութեան կողմէ:

























