Չորեքշաբթի, 14 Յունուար 2015-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ այցելեց ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի բարերար՝ Պրն. Րաֆֆի Արտալճեան եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներուն հետ:
Արծարծուեցան Լիբանանահայութեան եւ Լիբանան ապաստանած Սուրիահայ գաղթականներուն հետ առնչուող զանազան նիւթեր:

