Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Ծառայութիւն, Ընկերային Արդարութիւն Բաժանմունքին եւ Ֆինլանտական Finn Church Aid կազմակերպութեան Ֆինանսաւորումով եւ ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ գաղթական սուրիահայութեան ընկերային պայմաններու բարելաւման ի նպաստ կազմակերպուեցան առողջապահական, դաստիարակչական, խոհանոցի եւ ձեռարուեստի դասընթացքներ-դասախօսութիւններ ԱՊԸԲ կեդրոնի « Թնճուկեան» սրահին եւ Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ։ Առողջապահական, դաստիարակչական, խոհանոցի եւ ձեռարուեստի յանձնախումբերը կազմակերպեցին յատուկ սեմինարներ ,հրաւիրելով դասախօսներ :
Ուրբաթ 7 Մարտ 2014-ին, ընթացք առաւ ճաշի դասընթացքներու երկօրեայ սեմինարը, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցէն ներս։
Ընդհանուր ծանօթացումէ ետք, ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկհ-ի Տիգի Թորիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ ծրագիրի մասին եւ անդրադարձաւ լիբանանի մէջ Սուրիահայութեան ներկայ ծանր պայմաններուն, ապա յոյս յայտնեց, որ առաւելագոյն ձեւով օգտուին մատուցուած դասերէն։
Ընկհ.Շաքէ Գարայեան եւ Անահիտ Տօնիկեան յաջորդական ձեւով փոխանցեցին եօթը տեսակ ճաշերու եւ անուշեղէններու բացատրութիւններ։
Առիթ տրուեցաւ հարցումներու, լուսաբանութիւններու եւ կարծիքներու փոխանակման։
Ճաշերու պատրաստութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ներկաները եւ սեմինարի իրենց գրաւոր արժեւորումը կատարեցին հարցաթերթիկներով։
Անահիտ Տօնիկեան իր արաբերէնով հրատարակած «Արդիական Խոհանոց» խորագրով գիրքը նուիրեց իւրաքանչիւր մասնակցողի։
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի երկօրեայ սեմինարը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 21 եւ Շաբաթ 22 Մարտ 2014-ին, ԱՊԸԿ-ի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Սուրիահայ տիկիններու։
Առողջապահական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ Տօքթ.Սիրուն Վարդապետեան նախ ներկայացուց սեմինարի կազմակերպման նպատակը, անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու հետ ԼՕԽ-ի գործակցութեան, ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբի լայնածաւալ գործունէութեան, ու դասախօսական շարքին մասին: Ապա ներկայացուց առողջապահական իր դասախօսութիւնը , Power point-ի ցուցադրութեամբ մանրամասն խօսեցաւ «Թմրամոլութեան ‘’(Substance Abuse ) -ի մասին:
Ներկայ ընկերատնտեսական պայմաններուն հետ զուգահեռ, ոգելից ըմպելիներու չարաշահումը եւ թմրեցուցիչի գործածութիւնը ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենան անձին եւ անոր շրջապատին վրայ, դասախօսը բացատրեց մեր զաւակները թմրամոլութեան ախտէն հեռու պահելու միջոցները։
Իսկ ինչ կը վերաբերի Ալքոլի եւ ծխախոտի օգտագործման մասին բժշկուհին անդրադարձաւ անոնց գործած աւերներուն եւ կանխարգիլման միջոցներուն:
Ներկաները հետաքրքրութեամբ լսելէ ետք, հարցումներ հարցուցին եւ համապատասխան պատասխաններ ստացան:
Առողջապահական շատ կարեւոր եւ օգտաշատ նիւթերով շարունակուեցան առողջապահական դասախօսութիւնները հետեւեալ ձեւով.-
- Տօքթ. Յարութիւն Այնթապլեան՝ դիմադրողականութիւն, «immunization», պատուաստումներու տեսակները ու անհրաժեշտութիւնը։
- Մարիամ Շաթիլա՝ սրտի կաթուած, պատճառները, երակներու խցումը եւ պատճառները, գերճնշումը եւ շաքարախտը:
- Հանա Սահնաուի՝ ծննդաբերական գործարաններու բորբոքումներ եւ Սիտա:
- Զէնա Ալ Ժուրտի՝ հոգեկան տագնապ եւ բուժում։
- Սիհամ Սուլէյման՝ ընտանիքի կազմութիւն (Family Planning) , ամուսնական կեանք , յղութիւնը կանխարգիլող բժշկական ու արդիական դեղեր ու գործիքներ…..
Դասախօսութեան ընթացքին ներկաներուն բաժնուեցան առողջապահութեան յատուկ «puzzle»-ներ եւ «brochure»-ներ, որոնք շատ տպաւորեցին ներկաները։ Աւարտին ներկաները հետաքրքրութեամբ լսելէ ետք, հարցումներ հարցուցին եւ համապատասխան պատասխաններ ստացան։
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբի կազմակերպհութեամբ, Սուրիահայութեան յատուկ ձեռարուեստի դասընթացքներու երկօրեայ սեմինարը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 27 Մարտ եւ Ուրբաթ 28 Մարտ 2014-ին դարձեալ ԱՊԸԿ-ի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Ծրագիրը համադրող՝ ընկհ.Ազատ Սարգիսեան հակիրճ նախաբանով մը բացատրութիւն տուաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան, ձեռարուեստի յանձնախումբին աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ սեմինարի նպատակին մասին։
Երկօրեայ դրութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբի ընկերուհիներ՝ Տիգրանուհի Թովմասեան եւ Սեդա Չէօրէքճեան յաջորդական բացատրութիւններով եւ գործնական ցուցմունքներով սեմինարը արդիւնաւէտ դարձուցին, դասաւանդելով կարի սկզբնական գիտելիքներ, Մարաշի գործ եւ ձեռային գիտելիքներ, որպէսզի մասնակիցները յետագային կարենան օգտուիլ այս դասընթացքներու ընձեռած կարելիութիւններէն։
Այնուհետեւ , ներկաներուն տրամադրուեցաւ կերպասէ կտորներ, ասեղներ, կարի զանազան պիտոյքներ եւ ձեռային աշխատանքի նմոյշներ։
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի երկօրեայ դասընթացքներու սեմինարը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի 24 Մարտ եւ Երկուշաբթի 7 Ապրիլ 2014-ին, ԱՊԸԿ «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Դաստիարակչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ.Ազատուհի Սարգիսեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց երկօրեայ սեմինարին նպատակը, իսկ յանձնախումբի ընկերուհիները հարցազրոյցներու ընթացքին ներկաներուն փոխանցեցին դաստիարակչական օգտակար գիտելիքներ։
Դաստիարակչական երկօրեայ դասընթացքներու սեմինարը սկսաւ բեմադրիչ եւ դերասանուհի Վիվիան Անթօնիոսի դասախօսութեամբ երեխաներու մասին։ ան ըսաւ, թէ անոնք փոքրիկ ոճրագործներ են օգտագործուած մեծերու կողմէ, անոնք պէտք ունին գուրգուրոտ մթնոլորտի, դաստիարակուելու եւ ուսանելու, դառնալու համար լաւ քաղաքացիներ։ Աշխարհի բոլոր երեխաները իրաւունք ունին պաշտպանուած ըլլալու հոգեկան, իմացական եւ Ֆիզիքական բռնութիւններէ։
Յաջորդ դասախօսն էր ընկհ.Սօսի Փօլատեան, որ ներկայացուց «Կանանց Իրաւունքները» նիւթով շատ օգտաշատ դասախօսութիւն մը։ Ան փոխանցեց, թէ կիներու իրաւունքները ծնունդ առած են 1909-ին, որպէս բողոք դժուար աշխատանքային պայմաններուն եւ ցած աշխատավարձքերուն։
Ան նշեց, թէ հայ կինը հինէն ի վեր մեծ ներդրում ունեցած է մեր պատմութեան մէջ, սակայն ներկայիս հայ կինը նոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու համար պէտք է զինուի բարձր ուսումով եւ ստանձնէ պատասխանատու պաշտօններ այր մարդու կողքին, աւելի հզօր ընկերութիւն կերտելու համար։
Դաստիարակչական նիւթերու երրորդ դասախօսը՝ Սօսի Պալեան ներկայացուց ծնողներու պարտաւորութիւնները, մանուկներու առողջութիւնը, դաստիարակութիւնն ու վերաբերմունքը։ Ան ըսաւ, թէ գիտակից ծնողք զարկ կու տան գիտակից սերունդի։ Այնուհետեւ ընդլայնուած ձեւով ներկայացնելէ ետք նիւթը, խնդրեց ներկաներէն որ որպէս ծնողք, իրենց աշխատելաձեւով, վարուելակերպով, հոգեւոր ու բարոյական տիպար կեցուածքով, օրինակ ըլլան իրենց զաւակներուն ներշնչելով օրինակելի ուղղութիւն։
Նիւթերու այժմէականութիւնը թ՛է պարտաւորութիւններու գիտակցութիւն եւ թ՛է հոգեկան գոհացում պարգեւեց ներկաներուն։
Բոլոր սեմինարներու ընթացքին ճաշի ,թէ այլ հիւրասիրութիւնները պատրաստեց ԼՕԽ-ի «Վ. Տէկիրմէնճեան» խոհանոցի յանձնախումբը։
Իսկ Այնճարէն ներս կազմակերպուած սուրիահայութեան ճաշի սեմինարը տեղի ունեցաւ 13 Մայիս 2014-ին, կ.առաջ ժամը 10։00-ին,’’ Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան’’ կազդուրման կայանի խոհանոցէն ներս, ներկայութեամբ 30 սուրիայէն գաղթած տիկիններու։ Բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Մատլէն Խօշեան. ան ցաւ յայտնեց այսօրուայ Սուրիոյ քաղաքական վիճակին համար եւ մաղթեց որ մօտիկ ապագային իւրաքանչիւր գաղթական իր բոյնը կը վերադառնայ։ Ապա հրաւիրեց Տիկ. Հիլտա Տումանեանը սկսելու ճաշի դասընթացքին։Պատրաստուեցաւ 2 տեսակ ճաշեր։ Աշխատանքին զուգահեռ ան փոխանցեց օգտակար գիտելիքներ ճաշատեսակներու մասին, որոնք կարեւոր են հայկական խոհանոցէն ներս։
Իսկ առողջապահական սեմինարը տեղի ունեցաւ 11 Ապրիլ 2014-ին «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ ներկայութեամբ սուրիահայ 38 տիկիններու։ Օրուան առաջին դասախօսուհին էր Տիկ. Մարի Ֆլոր Արուշեան։ Ան շեշտը դրաւ խրոնիք հիւանդութեանց, ինչպէս նաեւ մանուկներու անվտանգութեան մասին։ Երրորդ բաժինով ան նախնական դարմանումի մասին խօսեցաւ:Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տուեալ ցուցմունքներուն եւ power point-ին.
Սուրճի դադարէն ետք հրաւիրուեցաւ երկրորդ դասախօսը՝ ընկհ. Մէյրի Արեւեան։ Նիւթն էր «կնոջական առողջապահութիւն». ան ներկայացուց տարածուած կնոջական սեռային գործարաններու հիւանդութեանց նշանները ու անոնց կանխարգիլման մասին։
Իսկ դաստիարակչական սեմինարը տեղի ունեցաւ 5 Մայիս 2014-ին, կ. առաջ ժամը 11։00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ 60 հոգիի, որոնց 35-ը սուրիահայ տիկիններ էին։
Բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Բ. Գամպերեան, որ ներկայացուց դասախօսուհին Տիկ. Փօլին ՍարաՖեան, հոգեբանական նիւթով տիկ. ՍարաՖեան շեշտը դրաւ սուգի պարագային ինչպէ՞ս ընդունիլ իրականութիւնը, մանուկները որքանո՞վ մասնակից դարձնել այս դժուար կացութեան. կամայ թէ ակամայ մանուկը իրականութեան դիմաց պիտի գտնուի, կը մնայ շրջապատին առողջ վերաբերմունքը, որպէսզի երեխան հոգեկան տագնապներ չունենայ եւ պատասխան ունենայ ամէն հարցումներուն։
խօսքը ուղղելով սուրիահայերուն որոշ ցուցմունքներ տուաւ իրենց գաղթականի վիճակէն դուրս գալու եւ ընդունելու կացութիւնը։
իսկ ձեռագործի դասընթացքը սկսաւ 14 Մայիս 2014-ին, Չորեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Այնճարի «Կարմիր լեռ» կոմիտէի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ 30 սուրիահայ տիկիններու։ ընկհ. Շուշիկ Տանղլեան սկզբնական գիտելիքներ փոխանցեց կարի մասին եւ ինչպէ՞ս կը նորոգեն հին հագուստները. ներկաներուն տրամադրուեցաւ կերպաս, կտորներ, ասեղներ եւ կարի զանազան պիտոյքներ ինչպէս նաեւ ձեռային աշխատանքի նմուշներ:
Ընկհ. Շ. Տանղլեան որոշ ծանօթութիւններ տուաւ հայկական ձեռագործներու մասին. բացատրեց Սւազի, Այնթապի, գործերու համար օգտագործուած կտորներն ու թելերը, որոշ ծանօթութիւններ տուաւ քրօշէի ու հայկական էթամինի եւ patch-work—ի մասին ։



























































