Նահատակուած Եւ Մահացած Դաշնակցականներու Յիշատակին Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

ՀՅ Դաշնակցութեան 123-ամեակին առիթով, երէկ` կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց տեղի ունեցաւ դաշնակցական նահատակուած եւ մահացած նուիրեալներու, հերոսներու, գործիչներու եւ մտաւորականներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին կատարողութեամբ նուագուեցան Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները: Ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` Դաշնակցութեան պանթէոնին դիմաց:

(ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ նաեւ ԼՕԽ-ի կողմէ  )