Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպած «Հայաստան Սփիւռք» 5-րդ համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ 18-էն 21 Սեպտեմբեր 2014-ին, Երեւանի մէջ, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը ներկայացուց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկերուհի Թալին Գըլպաշեանը:
Ժողովին ներկայ եղան զանազան վարչութիւններու եւ միութիւններու սփիւռքահայ եւ հայաստանաբնակ ներկայացուցիչներ, ուր արծարծուեցան ու քննարկուեցան հետեւեալ հարցերը.-
- Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման գործընթացը
- Սուրիահայ համայնքի հիմնախնդիրները
- Լրագրողներու համահայկական եօթներորդ համաժողովը
- Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան հիմնախնդիրներն ու հեռանկարները
Ժողովականները բաժնուեցան ենթայանձնախումբերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը քննարկեց վերոյիշեալ հարցերէն մէկը:
Ընկերուհի Գըլպաշեան մաս կազմեց «Սուրիահայ համայնքի հիմնախնդիրները» քննարկող յանձնախումբին, ուր խօսք առնելով անդրադարձաւ Լիբանահայ Օգնութեան Խաչի ունեցած սուրիահայութեան նիւթական, բարոյական եւ հոգեկան երեւոյթներու ներդրումին:
Աւարտին, իւրաքանչիւր յանձնախումբի ներկայացուցիչ փոխանցեց ժողովի առաջարկներուն եւ որոշումներուն բանաձեւումները:
Ժողովականները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու յուշահամալիր, Եռաբլուր Զինուորական պանթէոն եւ պաշպանութեան նախարարութիւն:
Ներկայեղան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սուրբ պատարագին, Հ. Հ. անկախութեան օրուան նուիրուած նախագահի ընդունելութեան եւ տօնական համերգին, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան եւ սփիւռքի նախարարութիւններու ընդունելութիւններուն:
Իսկ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած ՀՕՄ-ականներ միասնաբար այցելեցին Սօսէ Մայրիկի շիրիմը , աղօթեցին եւ ՀՕՄ-ի քայլերգը երգելով վերանորոգեցին իրենց ուխտը , շարունակելուՀայ ազգին ծառայեու իրենց առաքելութիւնը:
“Մենք ՝ ուխտեալներ ՀՕՄ-ի պայծառ դրոշին …..միշտ կը մնանք արի պահակն անցեալի”…..






















